Մեր պաշտօնակից «Գանձասար»-ի համաձայն՝ սուրիական Լաթաքիա ծովեզերեայ քաղաքի ապահովական վիճակը բարելաւուած է։ Մարտ 17-ին, Ազգային Սրբոց Նահատակաց վարժարանէն ներս բնականոն դասաւանդութիւնը վերսկսած է։ Մնացեալ տեղական վարժարանները բացած էին իրենց դռները Կիրակի, Մարտ 16-ին։
Վերականգնուած են համացանցի ծառայութիւնն ու ջուրի մատակարարումը։ Գործատեղիները վերսկսած են իրենց սովորական աշխատանքը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։