«Հայաստանի բանակը հրադադարը խախտելու պատճառ կամ հրահանգ չունի»

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի հաղորդագրութիւնը

Մարտ 18-ին, Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր յատկապէս նշուած է.

«Մարտ 16-18, Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը 6 հաղորդագրութիւն հրապարակած է հայ-ազերպայճանական սահմանին Հայաստանի բանակի կողմէ իբրեւ թէ հրադադարի խախտումներու մասին։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերոյիշեալ բոլոր հաղորդագրութիւններէն ետք, իրականացուցած է ստուգողական աշխատանքներ եւ  հերքած Հայաստանի բանակին՝ հրադադարը խախտելու մասին պնդումները։

Վարչապետի աշխատակազմը, վերահաստատելով հրադադարի խախտման դէպքերու եւ/կամ նման տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ազերպայճան միատեղ գործիքակազմ ստեղծելու մասին իր առաջարկը, կը յայտարարէ, թէ հայկական բանակը հրադադարը խախտելու պատճառ կամ հրահանգ չունի»։