ՓԱՐԻԶ – Նախարար Ասթրիտ Փանոսեան-Պուվէ ընդունած է Հայաստանի իր պաշտօնակից Նարեկ Մկրտչեանը

Մարտ 17-ին, Ֆրանսայի Աշխատանքի նախարար Ասթրիտ Փանոսեան-Պուվէ ընդունած է Հայաստանի իր պաշտօնակից Նարեկ Մկրտչեանը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ընկերային պաշտպանութեան, յատկապէս աշխատանքի եւ կիներու հիմնահարցերու բնագաւառներուն մէջ գործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւնները։

Նախարար Մկրտչեան ներկայացուցած է սոյն ոլորտին մէջ Հայաստանի առաջնահերթութիւնները եւ այդ ուղղութեամբ նախատեսուող բարեփոխումները։

Զրոյցի ընթացքին կողմերը ընդգծած են «Միասնական ընկերային ծառայութեան» եւ Ֆրանսայի ընկերային ծառայութիւններ մատուցող կառոյցին հետ միասնական աշխատանքներ կատարելու կարեւորութիւնը․ դիտարկուած է աշխատանքի եւ ընկերային պաշտպանութեան կալուածին մէջ երկկողմանի համաձայնագիր ստորագրելու կարելիութիւնը։

Հանդիպումին ներկայ գտնուած է նաեւ դեսպան Արման Խաչատրեան։