CNN Türk-ի տեղեկատուական տնօրէն Իտրիս Արըքան, որ հայկական կողմին հրաւէրով շրջապտոյտի մը ծիրէն ներս այցելած էր Երեւան, վերադարձին՝ իր պատրաստած հաղորդումին մէջ Հայաստանի մայրաքաղաքին կեդրոնը գտնուող պարսկական Կապոյտ մզկիթը, ինչպէս նաեւ ամբողջ քաղաքը որակած է «պատմականօրէն թրքական»։
Ամերիկացի լրագրող Լինցի Սնել ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այս խեղաթիւրման վրայ։
Իտրիս Արըքան մաս կը կազմէր թրքական լրասփիւռներու ներկայացուցիչներուն, որոնք անցեալ շաբաթ հարցազրոյց ունեցած էին Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Հանրային կապերու կեդրոնի տնօրէն եւ թուրք լրագրողներու շրջապտոյտի կազմակերպիչներէն՝ Գոռ Ծառուկեան, ընկերային ցանցերու վրայ բացատրած է, որ թրքական հեռատեսիլի այս կայանը սկիզբը պատրաստած էր բաւական հաւասարակշռուած հաղորդում մը։ Սակայն, ազերպայճանական ճնշումներու ներքոյ, պատրաստուած է երկրորդ հաղորդում մը՝ կողմնակալ եւ հակահայկական, որուն մէջ կ՚ընդգրկուէր մզկիթին եւ քաղաքին մասին վերոնշեալ պնդումը։ Այս երկրորդ հաղորդումը հետագային վերցուցած են YouTube-էն, սակայն կը մնայ հասանելի՝ հեռատեսիլի կայանի կայքին վրայ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։