Փաշինեան ԱԽ-ի աշխատակազմին ներկայացուցած է Սիմոնեանը

Փաշ-Սիմոնեան

«Մօտիկ ապագային կարեւոր աշխատանք պէտք է կատարուի»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Օգոստոս 14-ին Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) աշխատակազմին ներկայացուցած է նորանշանակ քարտուղար Ալէն Սիմոնեանը՝ միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով շուրջ ութ տարի այդ պաշտօնը վարած Արմէն Գրիգորեանին։ Վարչապետը յատկապէս գնահատած է Գրիգորեանի էական ներդրումը խաղաղութեան գործընթացին եւ արձանագրուած ձեռքբերումներուն մէջ։ Իր կարգին, նախկին քարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնած է աշխատակազմին՝ ստանձնելով պաշտօնավարութեան ընթացքին արձանագրուած բոլոր թերացումներուն պատասխանատւութիւնը։ ԱԽ նորանշանակ քարտուղար Ալէն Սիմոնեան ալ նշած է, որ լաւ յարաբերութիւններ ունի Գրիգորեանի հետ, եւ ակնկալած է աշխատակազմին աջակցութիւնը՝ աշխատանքային նոր պարտականութիւններուն արագօրէն ընտելանալու համար։

Փաշինեանի համաձայն՝ Սիմոնեան, նախապէս վարելով Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը, արդէն իսկ մօտէն ներգրաւուած էր երկրի ռազմավարական որոշումներու կայացման հոլովոյթին մէջ եւ աշխատանքային տեղեկատւութեան պակաս չէ ունեցած։ Վարչապետը ընդգծած է, որ նախորդ շրջանին հսկայական աշխատանք տարուած է, սակայն յառաջիկային եւս կարեւոր ընելիքներ կան, որոնցմէ առաջինը պէտք է ըլլայ կատարուած աշխատանքին վերլուծութիւնն ու հետագայ առաջնահերթութիւններու ճշդումը։ Ան աւելցուցած է, որ յստակ յանձնարարականներ պիտի փոխանցէ Սիմոնեանին, երբ վերջինս աւելի հանգամանօրէն ծանօթանայ իր նոր պաշտօնի մանրամասնութիւններուն։

Յիշեցնենք, որ վարչապետը Արմէն Գրիգորեանի պաշտօնանկութեան մասին յայտարարած էր նախորդ օրը՝ առանց յստակ պատճառաբանութեան։ Հակառակ անոր որ Փաշինեան աշխատանք առաջարկած էր անոր վարչապետի աշխատակազմէն ներս, Գրիգորեան նախընտրած է առժամեայ դադար առնել պետական ծառայութենէն։ Նախկին քարտուղարը 2021 թուականէն ի վեր գործօն դերակատարութիւն ունէր հայ-ազերպայճանական բանակցութիւններուն մէջ։ Թէ ի՛նչ դեր պիտի ստանձնէ Ալէն Սիմոնեան այս գործընթացին մէջ եւ ի՛նչ առաջնահերթութիւններ պիտի դրուին անոր դիմաց, տակաւին կը մնայ անյայտ։