Ամսական 40 հազար դրամ աջակցութիւն արցախցի որոշ ընտանիքներու անդամներուն
Արցախէն տեղահանուած որոշ ընտանիքներ 10 տարի շարունակ ամսական 40 հազար դրամ աջակցութիւն պիտի ստանան
Կը շարունակուի Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու բնակարանային վարձքի մասնակի հատուցման ծրագիրը։ Հայաստանի Հանրապետութեան Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս ընկերային աջակցութիւնը պիտի տրամադրուի 10 տարուան ժամկէտով, իսկ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի համար աջակցութեան ամսական չափը պիտի կազմէ 40 հազար դրամ։
Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ այս նախաձեռնութեան ծիրէն ներս բնակարանային վարձքի մասնակի հատուցում կը տրամադրուի այն ընտանիքներուն, որոնք հրաժարած են Ղարաբաղէն տեղահանուածներու բնակարանային ապահովման պետական աջակցութեան ծրագրէն օգտուելու իրենց իրաւունքէն։ Ծրագրէն կրնան օգտուիլ մէկէն երեք անդամ հաշուող այն ընտանիքները, որոնք կը բաւարարեն ծրագրի պայմանները կամ չեղեալ յայտարարած են իրենց վկայագիրը՝ բնակարանային ապահովման պետական ծրագրի ծիրէն ներս։ Միաժամանակ, անոնք պէտք է արձանագրուած ըլլան պետական ընկերային բնակարանային հիմնադրամի հերթացուցակին մէջ։ Կը պահանջուի նաեւ, որ ընտանիքի անդամները ունենան անժամկէտ առաջին կամ երկրորդ խումբի հաշմանդամութիւն, ֆիզիքական կարողութիւններու խոր կամ ծանր աստիճանի անժամկէտ սահմանափակում, կամ ըլլան 60 եւ աւելի տարեկան։ Այս վերջին պարագային, երկու անդամ ունեցող ընտանիքներու անդամներու տարիքներու հանրագումարը պէտք է ըլլայ 115 եւ աւելի, իսկ երեք անդամ ունեցողներունը՝ 175 եւ աւելի։
Դիմումները կ՚ընդունուին առցանց՝ https://housing.socservice.am/ յղումով։ Սակայն, նախքան դիմում ներկայացնելը, քաղաքացիները անպայման պէտք է ներկայանան Միասնական ընկերային ծառայութեան տարածքային կեդրոն՝ ընկերային բնակարանային հիմնադրամի հերթացուցակին մէջ ընդգրկուելու համար։
