Մոսկուայի ազերպայճանական համայնքի ղեկավարը արտաքսուած է Ռուսաստանէն

Պախթիար

Մոսկուայի ազերպայճանական սփիւռքի ղեկավար Պախթիար Հասանովը արտաքսուած է Ռուսաստանէն։ Այս մասին կը հաղորդէ ազերպայճանական «APA» լրատու գործակալութիւնը։

Աղբիւրին համաձայն՝ Հասանովը ներգաղթեալներու ժամանակաւոր պահման կեդրոնէն,– ուր ան որոշ ժամանակ է արգելափակուած էր,– տեղափոխուած է օդակայան եւ արտաքսուած՝ Ռուսաստանէն։

Գործակալութիւնը կը յիշեցնէ նաեւ, որ Հասանովի Ռուսաստանի քաղաքացիութիւնը չեղեալ յայտարարուած էր անցեալ տարի, իսկ այս տարուան Յունիսին ան ձերբակալուելով փոխադրուած էր վերոնշեալ պահման կեդրոնը։