ԵՄ-ի խորհուրդը հաւանութիւն տուած է հայկական ապրանքներու արտածման 80 տոկոսի ազատականացման

Փաշ-Լայ

Եւրոպական Միութեան խորհուրդը հաւանութիւն տուած է հայկական ապրանքներու արտածման մօտաւորապէս 80 տոկոսը ազատականացնելու առժամեայ միջոցառումներուն՝ ի զօրակցութիւն Հայաստանի տնտեսութեան: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութենէն։

Արտօնութեան համաձայնագիրը պիտի գործէ որոշ պայմաններով՝ ԵՄ-ի շուկան պաշտպանելու նպատակով, կախեալ անկէ, թէ արդեօք ներածումը ժխտական ազդեցութիւն կ՚ունենա՞յ եւրոպացի արտադրողներուն վրայ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Խորհուրդը առանց փոփոխութեան հաստատեց Յանձնաժողովին առաջարկը, ինչ որ թոյլ պիտի տայ կանոնակարգի արագ ընդունումը՝ երբ Եւրոպական խորհրդարանն ալ, ինչպէս կ՚ակնկալուի, վաւերացնէ զայն առանց սրբագրութեան»։

Երեւանի մէջ Յունիս 2-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ բանակցութիւններէն ետք կայացած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն յայտարարած էր, որ Պրիւսէլ պիտի ազատականացնէ դէպի ԵՄ-ի շուկաներ հայկական արտածումներուն շուրջ 80 տոկոսը եւ պիտի տրամադրէ ֆինանսական փաթեթներ՝ օգնելով Երեւանին բազմազանացնելու իր տնտեսութիւնը ու դիմադրելու Մոսկուայի պարտադրած ու հետզհետէ աճող ճնշումներուն:

Ռուսաստանէն տնտեսական կախուածութիւնը մեղմելու նպատակով՝ ԵՄ-ը Հայաստանի նկատմամբ պիտի որդեգրէ առեւտրային այնպիսի կարգաւորումներ, որոնք թոյլ պիտի տան հայկական ապրանքներու մեծագոյն մասը արտածել առանց մաքսատուրքի։