ՌԵՆՍԻ – Դպրոցասէր վարժարանէն ներս 2026-2027 տարեշրջանի վերամուտը 

PHOTO-2026-09-01-17-42-17

Փոխանցման եւ յանձնառութեան ոգիով

Դպրոցա­սէր վար­ժա­րանը Սեպտեմբեր 1-ին դի­մաւո­րեց իր աշա­կերտ­նե­րը, անոնց ըն­տա­նիք­նե­րը, կրթա­կան մշակ­ներն ու ողջ պաշ­տօ­նակազ­մը՝ 2026-2027 ու­սումնա­կան տա­րեշրջա­նի վե­րամու­տին առի­թով։

Այս նոր տա­րեշրջա­նին ըն­դա­ռաջ՝ կրթա­կան հա­մայնքը մէկտե­ղուե­ցաւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ, որ յատ­կանշուեցաւ զիրար վերագտնելու ու­րա­խութեամբ եւ ծրա­գրե­րով հա­րուստ նոր տա­րի մը սկսե­լու խան­դա­վառու­թեամբ։

Այս առի­թով, վար­ժա­րանի տնօ­րէն տիար Հայկ Սար­գի­սեան իր բա­րեմաղ­թանքնե­րը յղեց բո­լոր աշա­կերտնե­րուն, ըն­տանիք­նե­րուն եւ անձնա­կազ­մին՝ իւ­րա­քան­չիւրին մաղ­թե­լով բա­ցա­յայ­տումնե­րով, յա­ջո­ղու­թեամբ եւ ան­հատական լի­ար­ժէք զար­գացու­մով լի ու­սումնական տա­րի մը։

Այս վե­րամու­տը յատկանշուեցաւ նա­եւ «Դպրո­ցասէր»-ի Նախ­կին Սա­ներու Միու­թեան (ADAAET) նո­րըն­տիր ատե­նապե­տու­հի տի­կին Մա­րիա Աւե­տիս­եանի խօս­քով, որ փա­փա­քե­ցաւ իր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րել այս նոր մեկ­նար­կին եւ քա­ջա­լե­րան­քի խօսք ուղ­ղել վար­ժա­րանի ողջ հա­մայն­քին։

Որ­պէս այս վե­րամու­տի յատ­կա­պէս խորհրդան­շա­կան պահ՝ Գե­րաշ­նորհ Տ. Գրի­գոր Եպիս­կո­պոս Խա­չատ­րեան նոյնպէս իր օրհնու­թիւնը տուաւ հաս­տա­տու­թեան՝ այս նոր տա­րեշրջա­նը խարսխե­լով աղօթ­քի, յոյ­սի եւ դպրո­ցի ինքնու­թիւնը կեր­տող ար­ժէքնե­րու փո­խանցման վրայ։

Միւս կող­մէ, Դպրո­ցասէր վար­ժա­րանը կ՚ու­զէ իր ջերմ շնոր­հա­կալու­թիւննե­րը յայտնել «Nouvelles d’Arménie» եւ «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թե­րուն, որոնք ներ­կայ գտնուեցան՝ լու­սա­բանե­լու հաս­տա­տու­թեան կեան­քի այս կա­րեւոր պա­հը եւ նպաս­տե­լու անոր ծրա­գրե­րուն ու նո­րու­թիւննե­րուն՝ հան­րութեան ծանօթաց­ման։

Այսպէ­սով, ու­սումնա­կան նոր տա­րեշրջա­նը կը բա­ցուի կեն­սա­կան առա­քելու­թիւն մը շա­րու­նա­կելու կամ­քով. մա­տաղ սե­րունդնե­րուն փո­խան­ցել այն գի­տելի­քը, լե­զուն, մշա­կոյթն ու ար­ժէքնե­րը, որոնք կը կազ­մեն Դպրո­ցասէր վար­ժա­րանի ոգին՝ միաժա­մանակ անոնց ըն­ծա­յելով յա­ջողու­թեան եւ հո­գեմ­տա­ւոր վե­րել­քի նպաս­տա­ւոր մի­ջավայր մը։

Բո­լոր աշա­կերտնե­րուն, ըն­տա­նիք­նե­րուն, ու­սուցիչ­նե­րուն եւ համայն պաշ­տօ­նակազ­մին կը մաղ­թենք 2026-2027 ու­սումնա­կան տա­րեշրջա­նի շատ բա­րի վե­րամուտ՝ լի յա­ջողու­թիւննե­րով, բա­ցայայ­տումնե­րով եւ գե­ղեցիկ ծրագ­րերով։ ■