«Ուիլիըմ Սարոյեան եւ արուեստ» հայ-ամերիկեան առաջին գիտաժողովը
«Ուիլիըմ Սարոյեան եւ արուեստ» հայ-ամերիկեան առաջին գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2026 Սեպտեմբեր 10, առաւօտեան ժամը 11-ին, Երեւանի Արուեստի հիմնարկի նիստերու դահլիճին մէջ (Մարշալ Բաղրամեան պողոտայ 24/IV, 6-րդ յարկ, 0019 Երեւան)։
Այս հաւաքը մաս կը կազմէ Երեւանի մէջ ի պատիւ Ուիլիըմ Սարոյեանի վաստակին կազմակերպուած «Սարոյեանական օրեր»-ու ծիրին։ Արուեստագէտներ ու հետազօտողներ պիտի ներկայացնեն Սարոյեանի ստեղծագործական ուղիին, գրական մտածողութեան, անոր գաղափարներուն, ինչպէս նաեւ ինքնատիպ ստեղծագործական լուծումներուն նուիրուած իրենց աշխատութիւնները։
Գիտաժողովի առիթով՝ գործակցութեան յուշագիր մը պիտի ստորագրուի Արուեստի հիմնարկին եւ «Ուիլիըմ Սարոյեան» հիմնադրամին միջեւ։ Այսպէսով, երկու հաստատութիւններուն միջեւ 2023-ին գործնականապէս սկիզբ առած համագործակցութիւնը պաշտօնապէս պիտի վաւերացուի «Ուիլիըմ Սարոյեան» հիմնադրամի նախագահ Սքոթ Սեդրակեանի եւ Արուեստի հիմնարկի տնօրէն Աննա Ասատրեանի կողմէ։
«Ուիլիըմ Սարոյեան եւ արուեստ» հայ-ամերիկեան առաջին գիտաժողովի աշխատանքներուն կարելի է հետեւիլ նաեւ հեռակայ դրութեամբ (առցանց)՝ օգտուելով հետեւեալ յղումէն.
