Հարցազրոյց՝ Նուպարեան մատենադարանի տնօրէն Պորիս Աճէմեանի հետ
Հիմնադիր Արամ Անտոնեանի հետքերով
Փարիզի Նուպարեան մատենադարանը ֆրանսահայ համայնքի կարեւորագոյն մշակութային գոհարներէն մէկն է։ Պորիս Աճէմեան, մատենադարանի տնօրէնը՝ « La Bibliothèque et le survivant » («Մատենադարանն ու վերապրողը») հատորը հեղինակելով, աւելի շեշտեց ու հանրայնացուց համբաւ մը որ Նուպարեան մատենադարանը ունէր ակադեմական համայնքին մէջ։ Սփիւռքի ինքնութեան շուրջ բազմաթիւ հարցադրումներ կ՚ըլլան. փաստօրէն, Նուպարեան մատենադարանի հիմնադիր Արամ Անտոնեան եղաւ այն եզակի անձերէն, որ Ֆրանսա հաստատուած տարագիր հայութեան ինքնութեան նոր ամուր կայուն բեւեռ մը հաստատեց, որուն համբաւը անցաւ ֆրանսահայութեան սահմանները, դառնալով սփիռքահայութեան համար ինքնութեան վերակերտումի հարթակ, որ պիտի թոյլ տար Ցեղասպանութենէն ետք, իր հայրենի բնավայրէն վտարուած զանգուածի մը ինքզինք վերագտնել, անցեալի գրաւոր ժառանգութեան տէր դառնալ եւ առիթ տալ մտաւորականութեան նոր ստեղծագործութիւնները իրականացնելու, զանոնք հաւաքելու եւ ապագայ սերունդներուն տրամադրելի դարձնելու։
«Նոր Յառաջ» – Պորիս Աճէմեան մասնագիտութեամբ պատմաբան էք, յատկապէս հայկական սփիւռքի մասնագէտ, ձեր աւարտաճառին նիւթ ընտրած էք՝ «Հայ գաղթականները, օտարականի ընկալումը եւ ազգային կերտումը Եթովպիոյ մէջ 19-20-րդ դարերուն. մերձեցման միջանկեալ տարածքի պատմաընկերային վերլուծում մը»։
Պորիս Աճէմեան – Բոլորովին անհասկնալի խորագիր մըն էր, որ ընտրած էի իբր աւարտաճառի խորագիր։ «Պէտք է որ շատ մտաւորական խորագիր մը գտնեմ» ըսի ես ինծի, գոնէ այս տպաւորութիւնը ունէի, բայց սխալած էի։ Գործակիցներս աւելի պարզ եւ հասկնալի խորագրեր ընտրեցին, բայց ես անփորձ էի, այն ատեն, կարծեցի որ աւելի լուրջ պիտի ըլլայի, ձգեցի այս խորագիրը, հիմա նոյնիսկ ընթերցանելի չէ։ Թէզս կը վերաբերէր Եթովպահայերու պատմութեան՝ նիւթ մը որ շատոնց ուսումնասիրած էի։ Թերեւս կարծեցի, որ արդարացնելու համար նման նիւթ մը, պէտք էր համալսարանական բարբառ մը գործածել, ինչ որ անշուշտ սխալ էր։ Յետոյ, երբոր առաջին գիրքս հրատարակեցի այս թէզիս հիման վրայ, աւելի հրապուրիչ խորագիր մը ընտրեցի, բարեբախտաբար. « La fanfare du négus » («Կայսերական փողերախումբը»)։
«ՆՅ» – 2013-էն ի վեր Փարիզի Նուպարեան մատենադարանի տնօրէնն էք։ Ինչո՞ւ համար ընդունեցիք այդ պաշտօնը։
Պ. Ա. – Չեմ ընտրած, Նուպարեան մատենադարանն է որ ձեզ կ՚ընտրէ։ Ասիկա ճակատագիր է։ Եւ, արդէն անշուշտ Նուպարեան մատենադարանը շատոնց կը ճանչնայի, լաւ յարաբերութիւն ունէի նախկին տնօրէնին՝ Ռեմոն Յարութիւն Գէորգեանին հետ, որ անշուշտ փորձառու պատմաբան էր եւ իբր ուսանող, շատ հանդիպումներ ունեցայ անոր հետ։ Բաւական սուրճ խմած ենք միասին Նուպարեան մատենադարանին մէջ եւ երկար խօսակցութիւններ ունեցած։ Այս յարաբերութիւնը խոր հետք ձգած է կեանքիս մէջ, յատկապէս արհեստավարժ կեանքիս, եւ այո՛, չէք կրնար նախատեսել թէ ի՛նչ պիտի պատահի, բայց կը պատահի։
«ՆՅ» – Ի՞նչը իւրայատուկ է Նուպարեան մատենադարանին։
Պ. Ա. – Դժուար է ամփոփել. եթէ մէկ նախադասութեամբ պէտք է ամփոփեմ, թերեւս պիտի ըսէի որ այս մատենադարանը նախ կը պատկանի հայութեան, ամբողջ հայութեան, թէեւ անշուշտ Բարեգործականի հովանաւորութեամբ, եւ Բարեգործականի շնորհիւ գոյութիւն ունի։ Բայց աւելի լայն է իր ազդեցութիւնը, եւ բախտաւոր ենք իբր հայ, կարծեմ, որ նման հաստատութիւն մը գոյութիւն ունի Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ շատ հազուագիւտ է։ Եւ Երկրորդ բանը որ պիտի ըսէի՝ այն է որ առաջին գրադարանապետին հոգին դեռ կ՚ապրի այս մատենադարանին մէջ։ Արամ Անտոնեանի աշխատանքին եւ ջանքերուն շնորհիւ է որ այս մատենադարանը գոյութիւն ունեցած է։ Գիտենք որ Անտոնեանը հեղինակ էր, լրագրող եւ այլն… շատ ուսեալ անձ մը, բայց նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած մը եւ իր կեանքին երկրորդ մասը բոլորովին նուիրած էր այս մատենադարանին։ Մատենադարանը հիմնելով, կարծեմ՝ փորձած է երկրորդ շունչ մը տալ հայութեան, այն քանդուած հայութեան որ սփռուած էր, այն ատեն, Սփիւռքի տարածքին, որ պետութիւն չունէր, թէեւ սովետական Հայաստանը կար, բայց ինչպէս գիտէք, քիչ մը իւրայատուկ էր։ Իր ոգին դեռ կ՚ապրի, այսինքն՝ դեռ կը ներշնչէ. մատենադարանը մեզ կը ներշնչէ, այցելողները կը ներշնչէ։ Անոնք կը զգան այս ոգին կարծեմ, եւ մենք դեռ կ՚աշխատինք անոր ոգիին մէջ, ձեւով մը որովհետեւ ան մտածած է, կազմակերպած է մատենադարանը, հաւաքածոները, ցուցակները …։ Մեր ներկայ փորձառութիւնը անոր փորձառութեան շարունակութիւնն է։
«ՆՅ» – Նոր հրատարակութիւններ կ՚ընդունի՞ք։
Պ. Ա. – Այո՛, անշո՛ւշտ, գրեթէ ամէն շաբաթ առաջարկներ կը ստանամ։ Սերնդափոխութեան հարց կայ, քանի որ անշուշտ նախորդ սերունդները աւելի կարդացող էին, նախորդ սերունդներուն մօտ հայերէն գիրքերու պահանջ կար։ Ներկայիս որ սերունդները կը փոխուին, ժառանգորդները յաճախ իրենց ծնողներուն գիրքերը չեն օգտագործեր։ Կ՚ուզեն ձերբազատիլ այդ գիրքերէն, բայց միաժամանակ չեն ուզեր նետել, որովհետեւ կը նկատեն որ այս գիրքերը նախ ընտանեկան իմաստ ունին, յետոյ, հայերէն գիրք են, ուրեմն խորհրդանշական բան մը կայ մէջը եւ դժուար է իրենց համար՝ երեւակայել որ այս գիրքերը, օրինակ, այրուին, կամ նետուին աղբանոց…։ Ուրեմն ասիկա թերեւս ընկերային երեւոյթ մըն է, մեր ժամանակուան ընկերային երեւոյթ մը, ուր շատ գիրքեր կան սփռուած ընտանիքներու մօտ։ Մեզի պէս հաստատութիւններ, որոնք կրնան հոգալ եւ ընդունիլ այդ գիրքերը՝ քիչ են։ Ֆրանսա թերեւս երկու, երեք, չորս հաստատութիւններ կան, որոնք կրնան ընդունիլ այս նուիրատւութիւնները։ Բայց դեռ կարեւոր նուիրատւութիւններ կան նաեւ ուրիշ երկիրներէ։ Ոչ միայն գիրքեր, նաեւ ատեն-ատեն կը ստանանք արխիւներ. աւելի հազուադէպ, բայց կը պատահի։ Այսպէս՝ լուսանկարներ ալ, եւ այո՛, դեռ շատ բաներ կ՚առաջարկուին մատենադարանին, բայց անշուշտ չենք կրնար ընդունիլ ամէն ինչ, ուրեմն ստիպուած ընտրութիւն կ՚ընենք։
«ՆՅ» – Մատենադարանը ունի նաեւ պարբերաթերթ մը « Études arméniennes contemporaines » («Ժամանակակից հայկական ուսումնասիրութիւններ»)՝ ֆրանսերէն եւ անգլերէն. ի՞նչ նիւթեր կ՚ընդգրկէ պարբերաթերթը։
Պ. Ա. – Այս հանդէսը ստեղծեցինք 2013-ին, երբ սկսայ պաշտօնավարել մատենադարանին մէջ։ Հակառակ իր խորագրին « Études arméniennes contemporaines »-ը, պիտի ըսէի՝ հայագիտական հանդէս մը չէ. աւելի լայն է, աւելի լայն են իր նիւթերը. մասնագէտներու՝ հոն տեղ գտած յօդուածները պէտք է ըլլան ընթերցանելի եւ ըմբռնելի՝ ոչ- մասնագէտներուն։ Բնականաբար, յօդուածները գիտական հիմք ունին, բայց ոչ-մասնագէտի համար հասկնալի։ Հայագիտութիւնը անշուշտ կարեւոր մարզ է, եւ շատ հայագէտներ կան։ Արդէն կան հայագիտական հանդէսներ ալ, ինչպէս՝ շատ ծանօթ « Revue des études arméniennes »-ը Ֆրանսայի մէջ, որ նաեւ բաւական հին է։ Բայց մենք կը փափաքինք խօսիլ բոլորին հետ, որոնք օր մը կը հետաքրքրուին հայութեամբ, Հայաստանով, հայկական պատմական փորձառութիւններով։ Այսինքն, օրինակ Սփիւռքի հարցը՝ ոչ միայն հայկական հարց է, Ցեղասպանութեան հարցը՝ ոչ միայն հայկական հարց է, աւելի լայն է. եւ այսպէս զանազան հեղինակներ, հետազօտողներ կը գրեն մեր հանդէսին մէջ, առանց հայագէտ ըլլալու, ինչ որ կարծեմ օգտակար է մեզի համար, մեր հայագիտութեան պզտիկ աշխարհին համար, որովհետեւ այդպէսով այս աշխարհը կը բացուի աւելի լայն հորիզոններու։
«ՆՅ» – Եւ ուրեմն բուն նպատակը ի՞նչ է։
Պ. Ա. – Բուն նպատա՞կը. շատ համեստօրէն, նոր գիտութիւններ ստեղծելն է եւ յա՛տկապէս բաժնեկցիլ։ Ասոր համար է, որ հանդէսը սկիզբէն ի վեր տրամադրելի է համացանցով, անվճար։ Ոեւէ մէկը, որ կ՚ուզէ ձեռք բերել, կը փափաքի կարդալ հանրամատչելի մասնագիտական յօդուածներ այս նիւթերու մասին, կրնայ մեր կայքէջին միջոցով անվճար կարդալ այս բոլոր նիւթերը։
«ՆՅ» – Քանի՞ թիւ հրատարակած էք մինչեւ հիմա։
Պ. Ա. – Մինչեւ հիմա 16 թիւ հրատարակած ենք. 17-րդը եւ 18-րդը կը պատրաստուին հրատարակութեան։ 17-րդը լոյս պիտի տեսնէ այս տարի Սեպտեմբերին եւ կը վերաբերի հայկական Սփիւռքին։ Երկու տարի առաջ կարգ մը գործընկերներու հետ կազմակերպեցինք համաշխարհային գիտաժողով մը Փարիզի համալսարանին մէջ, հայկական Սփիւռքին նոր զարգացումներուն մասին եւ այս առթիւ ուրեմն կը հրատարակենք որոշ նիւթեր, որոշ յօդուածներ։ Գալ տարի մեր 18-րդ հատորը պիտի վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան, որովհետեւ նաեւ անցեալ տարի ուրիշ գիտաժողով մը կազմակերպեցինք, Փարիզի Ամերիկեան Համալսարանին հետ համագործակցաբար, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան։ Սակայն, սա չի նշանակեր, որ կը հետաքրքրուինք մի՛միայն Սփիւռքով կամ Ցեղասպանութեամբ։ Ուրիշ նիւթեր ալ կ՚ուսումնասիրուին այս հանդէսին մէջ, օրինակ՝ հայկական Պոլսոյ նկարչութիւնը, Լիբանանի հայ եկեղեցիներու ճարտարապետութիւնը, եւ այլն։ Մեծ զանազանութիւն կայ հանդէսին էջերուն մէջ։
«ՆՅ» – Ինչ կը վերաբերի մատենադարանի կայքէջին՝ ինչպիսի՞ն է անոր լսարանին պատկերը…
Պ. Ա. – Կայքէջ մը ստեղծեցինք 2016-ին, եւ այն ատեն դրական արձագանգներ ունեցանք, քանի որ ան իրապէս գեղեցիկ է, պատուհան մըն է։ Քայլ մը, որ կարեւոր էր մատենադարանին համար, բայց մա՛նաւանդ անոնց համար, որոնք կ՚ուզեն կապ ունենալ մատենադարանին հետ, յա՛տկապէս երբ Փարիզ չեն բնակիր։ Անցեալին այսպէս չէր, 50-60-ականներուն, բազմաթիւ ընթերցողներ կային Փարիզի մէջ, բայց հիմա տարբեր է, աւելի համաշխարհային դարձած է հանրութիւնը. բոլոր երկիրներէն դիմումներ կը ստանանք, թէ՛ այցելողներ եւ թէ՛ դիմումներ, ուրեմն էական էր որ այս կայքէջը ստեղծուէր։ Կը յուսամ, որ մօտ ապագային կարենանք բարեփոխել զայն, որպէսզի աւելի զարգանայ։ Ինչպէս միշտ, դրամի, ժամանակի եւ մարդուժի հարց է։
«ՆՅ» – Վերջապէս՝ ներկայիս Նուպարեան մատենադարանին գլխաւոր առաքելութիւնը ի՞նչ է։
Պ. Ա. – Նուպարեան մատենադարանի գլխաւոր առաքելութիւնը գրութիւններու, գիրքերու եւ արխիւներու պահպանումն է, սակայն մեր դերը լոկ պահպանութեամբ չի սահմանափակուիր: Ինչպէս լեզուի, դպրոցներու կամ միութիւններու պարագային է. հայապահպանումը անհրաժեշտ է եւ ամէն ջանք պէտք է գործադրենք այդ ուղղութեամբ, սակայն միեւնոյն ժամանակ պէտք է ապրինք, փոխուինք ու զարգանանք: Հետեւաբար, Նուպարեան մատենադարանը ունի նաեւ այլ էական առաքելութիւն մը՝ նոր գիտելիքներ ստեղծել ու զանոնք տրամադրել թէ՛ գիտական շրջանակներուն եւ թէ՛ լայն հանրութեան: Կրնամ ըսել, որ մեր հիմնական առաքելութիւնը պատմութեան պահպանումն է՝ զուգորդուած մշակութային եւ գիտական զարգացումով:
«ՆՅ» – Կա՞ն գիրքեր կամ նիւթեր, որոնք յատկապէս շատ կը պահանջուին կամ կը փնտռուին։
Պ. Ա. – Մեր հաւաքածոն յատկապէս հարուստ է արեւմտահայ գրականութեամբ, քանի որ մատենադարանի հիմնադիրները Օսմանեան կայսրութենէն սերած էին: Մինչեւ այսօր սիրով կ՚ընդունինք արեւմտահայ նոր հրատարակութիւններ: Բնականաբար, չենք կրնար Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող բոլոր գիրքերը,– յատկապէս գեղարուեստական գրականութիւնը,– ընդունիլ, որովհետեւ անոնց քանակը հսկայական է, եւ մեր հիմնական նպատակին չի ծառայեր: Մեր ինքնատիպութիւնը այն է, որ ունինք արեւմտահայ հարուստ հաւաքածոյ մը՝ գիրքերով, արխիւներով եւ մամուլով: Արեւմտահայ գրականութիւնն ու հին թերթերը խիստ պահանջուած են գիտնականներուն կողմէ: Անոնք կը պրպտուին նաեւ այն այցելուներուն կողմէ, որոնք կը փնտռեն իրենց ընտանեկան արմատները. մամուլը, ընդհանուր առմամբ, անհաւատալի գանձ մըն է եւ անսպառ տեղեկութիւններ կը հայթայթէ ընթերցողին, պայմանով որ ժամանակ տրամադրուի որոնումներուն, քանի որ նիւթի քանակը հսկայական է: Բացի ատկէ, ունինք արխիւներ, որոնք լայնօրէն կ՚ուսումնասիրուին մասնագէտներու կողմէ. օրինակ՝ Պոլսոյ Պատրիարքարանի, Ազգային պատուիրակութեան ֆոնտերը կամ ՀԲԸՄ-ի արխիւները, որոնք կը վերաբերին 1920-ական եւ 1930-ական թուականներու որբանոցներու կենսագործունէութեան եւ զարգացման: Ասոնք մեզի համար դասական աղբիւրներ կը նկատուին:
«ՆՅ» – Մասնագէտներ յաճա՞խ կ՚այցելեն ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար։
Պ. Ա. – Այո՛, յաճախ։ Գրեթէ ամէն օր այցելուներ կ՚ունենանք եւ բազմաթիւ դիմումներ կը ստանանք, ու մեր համեստ միջոցներով կը ջանանք ընդառաջել բոլորին։ Հարցումին լիարժէք պատասխանելու համար նշեմ, որ այս մատենադարանին շնորհիւ գրուած, հրատարակուած եւ նոյնիսկ յղացուած են հարիւրաւոր յօդուածներ, գիրքեր ու դոկտորական աւարտաճառեր: Եթէ լրջօրէն կը զբաղիք հայոց պատմութեամբ, յատկապէս՝ արեւմտահայութեան, օսմանահայութեան կամ սփիւռքահայութեան ուսումնասիրութեամբ, անխուսափելիօրէն պէտք է այցելէք Նուպարեան մատենադարան: Անիկա էական աղբիւր է եւ անփոխարինելի մշակութային կեդրոն մը: Ճիշդ այդ պատճառով ալ, այցելուներուն թիւը ոչ միայն չի նուազիր, այլեւ շարունակ կ՚աճի:
«ՆՅ» – Վերջերս հրատարակեցիք նոր ուշագրաւ գիրք մը՝ « La Bibliothèque et le survivant » («Մատենադարանն ու վերապրողը»), որ մեծ ուշադրութեան արժանացաւ։ Այդ աշխատութեան մէջ գրադարանը կը ներկայանայ իբրեւ Սփիւռքի մշակութային զարթօնքի մեկնակէտ, որուն գլխաւոր մշակը անոր հիմնադիրն է՝ Արամ Անտոնեանը։ Այսօր եւս գրադարանը նոյն դերը կը կատարէ՞։
Պ. Ա. – Այո՛, կը յուսանք, որ արժանի ենք անոր ժառանգութեան, եւ կը կարծեմ, որ անոր յաջորդողներն ալ նոյն ուղղութեամբ աշխատած են։ Պէտք է ընդգծել, որ 1986-էն 2012 թուականներուն, երբ մատենադարանը կը ղեկավարէր Ռեմոն Գէորգեանը, հիմնական փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ: Ի տարբերութիւն նախորդ գրադարանապետերուն՝ ան պատմաբան էր, իսկական մասնագէտ մը, որ նոր ուղղութիւն տուաւ մատենադարանի գործունէութեան եւ կապեր հաստատեց Հայաստանի հաստատութիւններուն հետ՝ ինչպէս Երեւանի Մաշտոցեան մատենադարանը, Ազգային գրադարանը, Ազգային արխիւը եւ այլն։ Այդ կապերը մինչեւ այսօր կը ջանամ պահպանել: Չափազանց կարեւոր է, որ Նուպարեան մատենադարանի պատասխանատուները գործօն դերակատարութիւն ունենան գիտական աշխարհին մէջ: Ասիկա կը վերաբերի ոչ միայն պատմաբաններուն, այլեւ գրագէտներուն եւ այլ մասնագիտութիւններու տէր անձերու: Պատասխանատուները իրե՛նք եւս պէտք է հետազօտութիւններ կատարեն եւ երկխօսութիւն զարգացնեն այլ գիտնականներու հետ։ Այս մօտեցումը կենսական է, քանի որ ուղղակի կ՚ազդէ մեր հաստատութեան հեղինակութեան եւ անոր զարգացման վրայ:
«ՆՅ» – Ի՞նչ են ապագայի ձեր հեռանկարներն ու ծրագրերը։
Պ. Ա. – Անոնք բազմաթիւ են։ Զանազան նիւթերու շուրջ քանի մը հրատարակութիւններ կը պատրաստեմ. մէկը կրկին Արամ Անտոնեանի մասին է, միւսը՝ Երուսաղէմի հայոց թաղամասին նուիրուած հաւաքական աշխատութիւն մըն է, ապա՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրքոյկ մը կը գրեմ, որ կը յուսամ լոյս կը տեսնէ գալ տարի։ Ուրեմն, տարաբնոյթ ծրագրեր կան, եւ այս գործընթացը անվերջանալի է. մատենադարանի ծիրէն ներս միշտ կրնանք նոր ծրագրեր յղանալ, քանի որ նիւթերը անսպառ են: Յատկապէս ներկայիս, Ֆրանսայի մէջ հայութեան հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւն կայ թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ պաշտօնական հաստատութիւններուն կողմէ։ Այսօր շատ աւելի դիւրին է կապեր հաստատել նշանաւոր դէմքերու եւ կառոյցներու հետ։ Ճիշդ ժամանակն է ամրապնդելու այս կապերը եւ ֆինանսաւորման նոր աղբիւրներ գտնելու՝ Նուպարեան մատենադարանի ապագայ զարգացումը երաշխաւորելու նպատակով: Այստեղ, ի միջի այլոց, կ՚ուզեմ շեշտել թուայնացման կարեւորութիւնը, որ արդի աշխարհին մէջ կենսական դարձած է: Անկասկած, ունինք գիտական ու հրատարակչական նոր ծրագրեր, պիտի շարունակենք մեր հանդէսի լոյսընծայումը եւ նոր գիտաժողովներ պիտի կազմակերպենք:
Հարցազրոյցը վարեց՝
ՇՈՒՇԱՆ ՓԻԼԻՊՊՈՍԵԱՆ ■
