Ազերպայճանի Կեդրոնական դրամատան արտարժոյթի պահուստները հասած են պատմական առաւելագոյնի
Ազերպայճանի Կեդրոնական դրամատան նոր շէնքը Պաքուի մէջ
Ազերպայճանի Կեդրոնական դրամատան արտարժոյթի (devises étrangères) պահուստները Օգոստոսին աւելցած են 1,5 միլիառ տոլար եւ հասած իրենց պատմական առաւելագոյնին՝ 15,3 միլիառ տոլարի։
Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Էնթերֆաքս» գործակալութիւնը՝ աւելցնելով, որ դրամատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ անցեալ ամիս 1,5 միլիառ տոլարի արտարժոյթ գնած է:
Այսպէս, 2026 Յունուարէն Օգոստոս ժամանակահատուածին, Ազերպայճանի Կեդրոնական դրամատան արտարժոյթի պահուստները աճած են 3,8 միլիառ տոլար, որ կը համապատասխանէ 33 տոկոս յաւելումի մը:
Դրամատունը ընդգծած է, որ արտարժոյթի շուկային մէջ իր հետագայ գործողութիւնները պիտի իրականացուին՝ մեկնելով բացառապէս պահանջարկէն եւ առաջարկէն:
