«Տակաւին շատ կանուխ է խօսելու համար առանց վիզայի դրութեան թուականներուն մասին»

ԵՄ-ՀՀ

Եւրոպական յանձնաժողովի պաշտօնական ներկայացուցիչ Փաուլա Փինիօ, Պրիւսէլի մէջ լրագրողներու հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին չէ հաստատած այն տեղեկութիւնը, թէ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ մինչեւ 2029 պիտի հաստատուի առանց վիզայի (մուտքի արտօնագրի) դրութիւն։ Յիշեցնենք, որ Յուլիսին վարչապետ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ կ՚ակնկալէ ԵՄ-ի հետ վիզայի դրութեան ազատականացում՝ մինչեւ 2029 թուական։

“Տակաւին շատ կանուխ է կանխատեսելու համար, թէ արդեօք 2029-ը կամ ա՞յլ տարեթիւ մը պիտի դառնայ վիզայի ազատականացման թուական։ Նման յստակ կանխատեսումներու համար տակաւին շատ կանուխ է”,– նշած է եւրոպացի պաշտօնատարը։