Ոգեւորիչ ուխտագնացութիւն եւ Ս. պատարագ՝ Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ
Կիրակի, Սեպտեմբեր 6-ին, նախագահութեամբ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Բ.-ի, կատարուեցաւ Ախթամարի աւանդական ուխտագնացութիւնն ու տարեկան Ս. պատարագը։
Այցելութիւն Վանի կուսակալին
Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4-ին, Պատրիարք հայրը՝ ընկերակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ «Արմաշ» դպրաց դասի անդամներուն, ժամանեց Վան։ Նախքան արարողութիւնը, ան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի կուսակալ Օզան Պալճըին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ընծայուած դիւրութիւններուն եւ ջերմ ընդունելութեան համար։
Ս. պատարագ եւ քարոզ
Արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցան հարիւրաւոր ուխտաւորներ (ներառեալ՝ ԱՄՆ-էն ժամանած խումբեր), որպէս պատարագիչ հանդէս եկաւ ԱՄՆ-ու Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպիսկ. Պարսամեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան «Արմաշ» դպրաց դասին կողմէ։
Պատրիարք Հօր շնորհակալական խօսքէն ետք, պատարագիչ Սրբազանը խորհրդածեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի աղօթքներուն եւ Վանայ լիճի ալեկոծումին շուրջ. «Մենք յաճախ կը կարծենք, թէ խաղաղութիւն պիտի գտնենք, երբ ամէն ինչ հաստատուն դառնայ: Սակայն Նարեկացիին աղօթքը ցոյց կու տայ, որ Քրիստոսի ներկայութեամբ՝ փոթորկոտ ջուրերն անգամ կրնան հաստատուն գետին դառնալ»,– նշեց ան՝ կոչ ընելով հաւատքի հաստատուն քայլեր առնել կեանքի փոթորիկներուն դիմաց։
Հոգեհանգիստ եւ Անդաստան
Ս. պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ի յիշատակ Ս. Խաչ տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի թագաւորի, Մանուէլ ճարտարապետի, ինչպէս նաեւ Ախթամարի երբեմնի կաթողիկոսներուն ու միաբաններուն։ Ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Անդաստանի արարողութիւն, որմէ ետք Պատրիարք հայրն ու ուղեկից խումբը նոյն օրն իսկ վերադարձան Պոլիս։ Արարողութիւնը նաեւ ուղղակի սփռուեցաւ համացանցով։







