Փաշ-օդանաւ-2

Հանդիպում պիտի ունենայ Մաքրոնի հետ 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 9-ին երկօրեայ աշխատանքային այցով ժամանեց Ֆրանսա։ 

Փարիզի մէջ ան պիտի մասնակցի Սեպտեմբեր 9-էն 10 կայանալիք Տիեզերական միջազգային վեհաժողովին, որուն կը մասնակցին շուրջ 120 երկիրներու պատուիրակութիւններ, ներառեալ՝ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ։ 

Փարիզ ժամանելու համար վարչապետը օգտուած է սովորական ճամբորդատար թռիչքէ։ 

Այցի ծիրէն ներս Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի հետ։

Տիեզերական միջազգային առաջին վեհաժողովը

Փարիզի մէջ տեղի ունեցող Տիեզերական միջազգային առաջին վեհաժողովին նախաձեռնած է Ֆրանսայի նախագահը։ Քննարկումներու առանցքը կը կազմեն տիեզերական անվտանգութիւնը, տնտեսութիւնը, ոլորտի կարգաւորումն ու նոր արհեստագիտութիւնները։ 

«Ռոյթըրզ» գործակալութեան համաձայն վեհաժողովը պոյքոթի ենթարկած են ամերիկեան արհեստագիտական հսկաները, որոնց շարքին են Իլոն Մասքի «SpaceX»-ը եւ Ճեֆ Պեզոսի «Blue Origin»-ը։ Ներկայ չեն նաեւ շարք մը եւրոպական երկիրներու ղեկավարներ, ինչպէս՝ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը եւ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնին։ Ֆրանսա յառաջ կը մղէ տիեզերքի մէջ Եւրոպայի ինքնավարութեան մեծացման գաղափարը, մինչ Գերմանիա նուազ հակուած է դռները փակելու ամերիկեան «SpaceX»-ի առջեւ։ Փարիզն ու Պերլինը նաեւ տարբեր մօտեցումներ ունին Իլոն Մասքի «Starlink»-ի ազդեցութեան հակազդելու հարցին մէջ։