Ահազանգ. Հայաստանի աշակերտները կրթական ցուցանիշերով վերջինն են տարածաշրջանին մէջ
Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան (OCDE) հրապարակած վերջին զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստանի 15 տարեկան աշակերտները մաթեմատիկայի, բնագիտութեան եւ ընթերցանութեան մէջ լուրջ խնդիրներ ունին։

Միջազգային հեղինակաւոր PISA (Սորվողներու միջազգային գնահատման ծրագիր) քննութեան առաջին անգամ մասնակցած Հայաստանի աշակերտներուն միայն 1 տոկոսը լաւագոյն արդիւնք ցոյց տուած է մաթեմատիկայէն, իսկ բնագիտութենէն եւ ընթերցանութենէն գրեթէ ոչ մէկ աշակերտ բարձր գնահատական ստացած է։ Հայ աշակերտներուն արձանագրած արդիւնքները աւելի քան երկու անգամ ցած են 91 երկիրներու միջինէն. օրինակ՝ ընթերցանութեան մէջ հայ աշակերտները արձանագրած են 19 տոկոս՝ OCDE-ի 67 տոկոս միջինին դիմաց։

Հակառակ անոր որ Հայաստանի իշխանութիւնները 2022-ին իսկ «ֆունկցիոնալ անգրագիտութիւնը» ազգային անվտանգութեան սպառնալիք հռչակած էին ու լայնածաւալ բարեփոխումներ խոստացած, ցուցանիշերը կը փաստեն, որ անոնք տակաւին արդիւնք չեն տուած։ Հետազօտութիւնը կը բացայայտէ նաեւ, որ հայ աշակերտներու 49 տոկոսը կանոնաւոր կերպով արհեստական բանականութեան (AI) ծրագրեր կը գործածէ. երեւոյթ մը, որ ըստ մասնագէտներու, չափազանցուած գործածութեան (օրական 5 ժամէ աւելի) պարագային կը վնասէ յառաջդիմութեան։ Նշենք, որ կրթական այս վարկանիշին մէջ համաշխարհային առաջատարները արեւելաասիական երկիրներն են (Չինաստան, Ճափոն, Հարաւային Գորէա եւ Սինկափուր), իսկ լաւագոյն տասնեակին մէջ կը գտնուին նաեւ Մեծն Բրիտանիան եւ Էսթոնիան։
Հայաստան այս ցուցանիշերով վերջինն է տարածաշրջանին մէջ՝ զիջելով Վրաստանին, Ազերպայճանին եւ Թուրքիոյ։ Ան կը զիջի նաեւ Ուզպեքիստանին, Մոլտաւիոյ, Ռումանիոյ եւ Ղազախստանին, իսկ յետխորհրդային երկիրներու շարքին կը գերազանցէ միայն Քիրկիզստանին։
* * *
Քաղաքացիական գործիչ եւ կրթական-արշաւային նախաձեռնութիւններու ղեկավար Գեղամ Օհանեան, ընկերային ցանցի իր հաշիւին՝ այս առթիւ կատարած է հետեւեալ դիպուկ գրառումը, որ կ՚ամփոփէ ամէն ինչ.
«Որ առաւօտից իրիկուն ահազանգում ենք մեր ապագայի լրջագոյն մարտահրաւէրների մասին, կրթութեան խայտառակութեան մասին, մարդկանց գլուխը չի մտնում… Աւելի ուղիղ ասեմ՝
- Տգիտութիւնը յանգեցնելու է մշակութային աւելի խորը անկման,
- Տգիտութիւնը յանգեցնելու է յանցագործութիւնների թուի ու դաժանութեան կտրուկ աճի,
- Տգիտութիւնը յանգեցնելու է առողջութեան կտրուկ անկման,
- Տգիտութիւնը յանգեցնելու է ինքնուրոյնութեան անկման, ինչը յանգեցնելու է ինքնապաշտպանութեան կարողականութեան անկման,
- Տգիտութիւնը յանգեցնելու է աշխատանքային որակի անկման եւ նեարդային յարաբերութիւնների աճի,
- Տգիտութիւնը բոլոր չարիքների մայրն է…,
- Տգիտութիւնը յանգեցնելու է պետութեան փլուզման…։
Յ.Գ. – Պարզ հետեւութիւն է պէտք անել, որ պետութեան հզօրացումը ու ապագան ուղիղ կախուած են հանրութեան գրագիտութեան բարձրացումից։ Սրա վրայ գումար խնայելը պղծութիւն է»։
Հայաստանի Կրթութեան նախարարութեան հակազդեցութիւնը
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) նախարարութիւնը արձագանգած է PISA-ի զեկոյցին՝ նշելով, որ արձանագրուած գրեթէ բոլոր խնդիրները արդէն իսկ նկատի առնուած են պետական քաղաքականութեամբ, եւ բարելաւման ուղղութեամբ քայլեր կ՚առնուին։
Նախարարութիւնը կը բացատրէ, որ 2025-ի գարնան քննութեան մասնակցած շուրջ 7000 հայ աշակերտները կրթութիւն ստացած են հանրակրթութեան նախկին չափորոշիչներով։ Հետեւաբար, այս արդիւնքները պէտք է նկատուին որպէս ելակէտային տուեալներ, որոնք ապագային (յաջորդ քննութիւնը նախատեսուած է 2029-ին) թոյլ պիտի տան չափել նոր բարեփոխումներուն արդիւնաւէտութիւնը։
Ընդունելով հանդերձ, որ արդիւնքները բնաւ գոհացուցիչ չեն, իշխանութիւնները կը յիշեցնեն նաեւ կրթական որակի համաշխարհային անկման մասին. վերջին տասնամեակին Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան (OCDE) երկիրներու միջին ցուցանիշերը նուազած են աւելի քան 20 միաւոր (ինչ որ կը հաւասարի մէկ ուսումնական տարուան կորուստին)։
Նախարարութիւնը կոչ կ՚ընէ խուսափելու նիւթի քաղաքական շահարկումներէն եւ թոյլ տալու, որ մասնագէտները, ուսուցիչներն ու որոշում կայացնողները խորքային վերլուծութեան ենթարկեն տուեալները՝ ապագայ ռազմավարութիւնը բարելաւելու նպատակով։
