Երեւանի «Հայփոստ»-ի հին շէնքին տեղը պիտի կառուցուին «Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոն»-ի զոյգ երկնաքերները

Screenshot

Screenshot

Երեւանի Սարեան փողոցին վրայ գտնուող «Հայփոստ»-ի նախկին շէնքին տեղը պիտի կառուցուի «Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոն»-ը (World Trade Center)։ Նախապէս ծրագրուած յիսուն յարկանի մէկ կառոյցի փոխարէն, նոր նախագիծով պիտի վեր խոյանան 35 եւ 40 յարկանի զոյգ երկնաքերներ, որոնցմէ ամենաբարձրը պիտի հասնի մինչեւ 220 մեթրի։ Շուրջ 174 հազար քառակուսի մեթր մակերեսով այս հսկայական համալիրը իր մէջ պիտի պարփակէ գրասենեակային տարածքներ, պանդոկներ, առեւտուրի սրահներ եւ հազար ինքնաշարժի ստորգետնեայ կայանատեղի։

Պետական անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով՝ նոր նախագիծին նկատմամբ դրուած են յատուկ եւ խիստ պահանջներ։ Պետական պահպանութեան ծառայութեան յանձնարարականով, Պետական պահպանութեան ծառայութեան յանձնարարականով, որպէսզի նորակառոյց շէնքերէն դիտելի չըլլան Կոնդի առանձնատուները՝ 50 մեթրէն բարձր գտնուող բոլոր յարկերուն պատուհանները պիտի ըլլան անշարժ եւ մութ ապակիով։ Նոյն բարձրութեան վրայ խստիւ արգիլուած է նաեւ բաց պատշգամներու կամ սրահներու կառուցումը։

Լայնածաւալ այս շինարարութիւնը յղի է նաեւ ճարտարապետական լուրջ մարտահրաւէրներով։ Մասնագէտները կը զգուշացնեն, որ շէնքին տակէն դէպի Հրազդանի կիրճ տանող թամանեանական պատմական փապուղիներուն չվնասելու համար, նոր կառոյցին հիմքերը պէտք է նախագծուին յատուկ զգուշութեամբ եւ ճշգրիտ ճարտարագիտական հաշուարկներով։ Միւս կողմէ, ճարտարապետներու մօտ մտահոգութիւն կայ, որ նոր համալիրին հսկայական ծաւալները կրնան ստուերել եւ ճնշել Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ պատմական եկեղեցւոյ հոգեւոր միջավայրը։

Նշենք, որ 1976-ին կառուցուած՝ «Հայփոստ»-ի խորհրդային շէնքի քանդման աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են։ Տարածքի մաքրման եւ շինութիւններու քանդման գործընթացը պիտի տեւէ շուրջ մէկուկէս տարի եւ նախատեսուած է զայն ամբողջութեամբ աւարտել 2027 Դեկտեմբերին։ Ինչ կը վերաբերի ապագայ համալիրին, անոր նախագիծը պատրաստուած է աշխարհահռչակ ճարտարապետ Նորման Ֆոսթըրի ճարտարապետական գրասենեակին կողմէ, իսկ ծրագիրը կեանքի կը կոչուի «Ռենշին» ներդրումային ընկերութեան կողմէ՝ մօտաւորապէս 300 միլիոն տոլար արժողութեամբ ներդրումային պիւտճէով։