Երեւանի մէջ պիտի տեղադրուի Կոստան Զարեանին նուիրուած քանդակ
Դիմագիրքի վրայ տարածուած տեղեկութեան համաձայն՝ Երեւանի Աբովեան փողոցի թիւ 15-ի կողքի տարածութեան մէջ շուտով պիտի տեղադրուի հայ գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչ Կոստան Զարեանին (1885-1969) նուիրուած քանդակ մը, որ կը կրէ «Նաւը լեռան վրայ» անունը։ Քանդակին հեղինակն է քանդակագործ Մկրտիչ Մազմանեան։
Հրապարակման մէջ կը նշուի, որ նաւն ու լեռը Կոստան Զարեանի գրական աշխարհին մէջ ճանապարհի որոնման եւ ինքնութեան խորհրդանիշեր են, եւ ակնկալութիւն կը յայտնուի, որ քանդակը նոր իմաստ պիտի հաղորդէ Երեւանի քաղաքային միջավայրին։ Նախաձեռնողները շնորհակալութիւն յայտնած են նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանին՝ տեղադրման վայրը տրամադրելուն համար։
Կոստան Զարեանի թոռը՝ Արա Զարեան, նախաձեռնութեան առնչութեամբ իր կատարած մեկնաբանական գրառումին մէջ տարակարծութիւն յայտնած է յուշարձանին անունին շուրջ։ Ան գրած է.
«Սխալ կը համարեմ Կոստան Զարեանի արձանին անուն դնել։ Ինչո՞ւ արձանը պէտք է կոչուի “Նաւը լեռան վրայ”։ Որովհետեւ գրողին գլուխ-գործո՞ցն է։ Յուշարձանը նուիրուած է Կոստան Զարեանին եւ վերջ»։
