«Newmag Francofest 2026»՝ ֆրանսախօս գրականութեան տօն Երեւանի մէջ

Ֆրանսախօս

Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 10-ին տեղի ունեցած է «Newmag Francofest 2026» միջազգային գրական չորրորդ փառատօնը, որ այս տարի զուգադիպած է Սուրբ Թարգմանչաց տօնին։

«Thé à la menthe» («Անանուխով թէյ») եւ Շառլ Ազնաւուրի հանրածանօթ «Toi et moi» երգի խորագրերուն ներքեւ կազմակերպուած փառատօնը մէկտեղած է ֆրանսախօս մշակոյթի սիրահարներ, դիւանագէտներ, թարգմանիչներ, համալսարանականներ եւ միջազգային ճանաչում ունեցող հեղինակներ։

Փառատօնի բացման՝ «Newmag» հրատարակչութեան ղեկավար Արտակ Ալեքսանեան ընդգծած է, որ «Francofest»-ը շատոնց դադրած է միայն գիրքերու ներկայացման հարթակ ըլլալէ եւ վերածուած՝ լեզուներու ու մշակոյթներու հանդիպման վայրի։ Ան մարդկային յիշողութիւնը համեմատած է հին ձեռագրերու վրայ նոր գրութիւններ աւելցնելու երեւոյթին հետ՝ շեշտելով, որ նոր փորձառութիւնները չեն ջնջեր անցեալը, այլ կը վերադասաւորեն զայն։

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի եւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի ներկայացուցիչները իրենց խօսքերուն մէջ մասնաւորապէս գնահատած են Երեւանի պետական համալսարանի, «Բրիւսով» համալսարանի եւ Ֆրանսական համալսարանի ֆրանսախօս ուսանողներուն մասնակցութիւնը «Կոնքուռ Հայաստան» ուսանողական դատակազմին։