Երեւան կը ժամանէ «Ռուսական երկաթուղիներ»-ու գործադիր տնօրէնը

Պելոզիորով-C4DF-4022-9305-B019347EFB2F_w1597_n_r1_s_s

«Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Օլեկ Պելոզիորով յառաջիկայ օրերուն աշխատանքային այցելութեամբ պիտի ժամանէ Հայաստան։ Այս մասին լրագրողներուն հաղորդած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ռոբերտ Աբիսողոմոնեան։

Այցելութեան շրջանակին մէջ նախատեսուած է հանդիպում վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Երեւան արդէն ամիսներէ ի վեր դժգոհութիւն կը յայտնէ երկաթուղիի կառավարման կոնցեսիոն (զիջանագիր) պայմանագիրէն՝ նշելով, որ ռուսական կառավարման պատճառով Հայաստանը կորսնցուցած է մրցակցային առաւելութիւնները, արեւմտեան գործընկերներն ալ կը հրաժարին օգտուելէ այս ենթակառոյցներէն։ Հայկական կողմը կ՚առաջարկէ կառավարումը փոխանցել երկուստեք ընդունելի երրորդ երկրի մը, մինչ Մոսկուա կը հակադարձէ, թէ պայմանագրի փոփոխման կամ լուծման պարագային պիտի պահանջէ իր կատարած ներդրումներուն հատուցումը։