Պաշտօնանկութիւններու շարք՝ ազերպայճանցի զինուորին՝ Սիւնիքի Շաքի գիւղ ներթափանցումէն ետք

Շաքի

Հոկտեմբեր 1-ին, ազերպայճանցի զինուորի մը Սիւնիքի մարզի Շաքի գիւղ ներթափանցումէն եւ տեղւոյն բնակիչ Անի Աւետիսեանը ծանրօրէն վիրաւորելէն ետք, Հայաստանի ուժային կառոյցներուն մէջ պաշտօնանկութիւններու շարք մը տեղի ունեցած է։

Պաշտօնէն հեռացուած է Սիւնիքի մէջ ծառայող յատուկ բանակային կազմի հրամանատարի տեղակալ, գնդապետ Արծուիկ Գրիգորեանը, ինչպէս նաեւ Ռազմական ոստիկանութեան Սիսիանի բաժնի պետը։ Նախապէս ալ, նոյն դէպքին պատճառով պաշտօնանկ եղած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ, դեր-զօրավար Դաւիթ Սանամեանը, որ կը համակարգէր Սահմանապահ զօրքերը։

Յիշեցնենք, որ Սեպտեմբեր 26-ին Լաչինի զօրամասէն փախած ազերպայճանցի զինուոր Նասիմի Մուսաեւ մտած էր Շաքի գիւղի տուներէն մէկը եւ կրակած տանտիրուհիին վրայ, որ փորձած էր պաշտպանել իր զաւակները։ Ձերբակալուած զինուորին կը սպառնայ քրէական պատասխանատւութիւն՝ սահմանը ապօրինի հատելու, զէնքի մաքսանենգութեան եւ մարդասպանութեան փորձի մեղադրանքներով։