Եւրոպական Միութիւնը Ռուսաստանի դէմ մօտ 1600 նոր պատժամիջոց հաստատեց

Քալաս

Եւրոպական Միութեան Արտաքին գործոց նախարարները պաշտօնապէս վաւերացուցին Ռուսաստանի ռազմարդիւնաբերական համալիրին դէմ ուղղուած մօտ 1600 նոր պատժամիջոցներու ծրարը։ Եւրոպական Միութեան Արտաքին քաղաքականութեան պետ Քայա Քալլաս յայտնեց, որ սահմանափակումներու աւելի քան կէսը կը վերաբերի հետագծային (balistique) հրթիռներու արտադրութեան շղթային։

Այս որոշումը կայացուեցաւ ԱՄՆ§ov նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային զրոյցէն անմիջապէս ետք, որուն ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր ռուսական տիզելային վառելանիւթի մատակարարման շուրջ։ Քալլաս ընդգծեց, որ Եւրոպան մտադիր չէ թուլցնել ճնշումը Մոսկուայի վրայ, քանի որ վառելանիւթի սահմանափակումներու յետս կոչումը Ռուսաստանին լրացուցիչ միջոցներ կ՚ընձեռէ պատերազմը շարունակելու համար։