Երեւանի Ֆրանսական համալսարանին մէջ գիտաժողով՝ կենսաբազմազանութեան, գործարար աշխարհի եւ մարդկային իրաւանց առնչութիւններուն շուրջ

French_University_in_Armenia

Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանը (UFAR) Հոկտեմբեր 15-ին կը կազմակերպէ գիտաժողով մը՝ նուիրուած կենսաբազմազանութեան պահպանման, գործարար աշխարհի պատասխանատւութեան եւ մարդկային իրաւանց միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերուն։

Նախաձեռնութիւնը կը կայանայ Երեւանի մէջ նախատեսուած ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան COP17 միջազգային համաժողովի նախօրեակին՝ համախմբելով ակադեմական, իրաւաբանական եւ տնտեսական շրջանակներու մասնագէտներ։

Գիտաժողովին ընթացքին պիտի կատարուին կլոր սեղանի երկու քննարկումներ։ Առաջինը պիտի անդրադառնայ տնտեսական գործունէութեան ազդեցութեան եւ բնութեան պահպանման գործին մէջ ձեռնարկութիւններու պատասխանատւութեան, իսկ երկրորդը՝ կենսաբազմազանութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան միջեւ առնչութիւններուն։

Նպատակն է տարբեր մարզերու մասնագէտներու փորձառութիւնն ու տեսակէտները համադրելով՝ քննարկել բնապահական մարտահրաւէրները եւ անոնց դիմագրաւման միջոցները։

Գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին Ա. սրահին մէջ, ժամը 10։00-էն 14։00։ Քննարկումները պիտի կատարուին հայերէնով եւ ֆրանսերէնով՝ միաժամանակեայ թարգմանութեամբ։