Ալֆորվիլի Հայ մշակոյթի տունը

logo-arm-black-1

Ալֆորվի­լի Հայ մշա­կոյ­թի տու­նը իր ծրա­գրին մէջ կը միա­ւո­րէ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի տար­բեր ոլորտներ՝ երաժշտու­թիւն, գրա­կանու­թիւն, պատ­մութիւն եւ հա­մայնքա­յին հան­դի­պումներ։ Ծրա­գրե­րը ուղղուած են ոչ մի­այն հայ­կա­կան հա­մայնքին, այ­լ նաեւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թով հե­տաքրքրուող աւե­լի լայն հա­սարա­կու­թեան։

Վեր­ջին շրջա­նի ձեռ­նարկնե­րուն շար­քին տեղ գտած են երաժշտա­կան երե­կոներ, որոնց ըն­թացքին Darone Sassounian-ի եւ @rockyhillrecords-ի մի­ջոցով ներ­կա­յացուած են հայ­կա­կան ճա­զի, ֆան­քի եւ սոու­լի ձայ­նագրու­թիւններ։ Ուրբաթ, Սեպ­տեմբե­ր 18-ին, Ararat house community-ին հետ կա­տարուած այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը հայ­կա­կան երաժշտա­կան ժա­ռան­գութեան մէկ այլ երե­սը կը ներ­կա­յաց­նէ եւ զայն կը կա­պէ երաժշտա­կան աւե­լի լայն շրջա­նակ­նե­րու հետ։

Մշա­կու­թա­յին կեանք՝ առօ­րեայ հան­դի­պումնե­րու մի­ջոցով

«Սուրճպար»-ը կեդ­րո­նի գոր­ծունէու­թեան մէկ այլ ձե­ւաչափն է։ Ամէն Հինգշաբ­թի առ­տու, ժա­մը 8-էն 10 կազ­մա­կեր­պուող հան­դի­պումնե­րը առիթ կու տան սուրճի շուրջ զրու­ցե­լու եւ տար­բեր մար­դոց հետ ծա­նօթա­նալու։

Այսպի­սի նա­խաձեռ­նութիւննե­րը մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի գոր­ծունէու­թիւնը կը տա­րածեն նաեւ դա­սական մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկնե­րու սահ­մաննե­րէն դուրս։ Մշա­կու­թա­յին մի­ջավայ­րը այս պա­րագա­յին կ՚ընդգրկէ նաեւ հան­դի­պու­մը եւ ըն­կե­րային շփու­մը։

Գրա­կանու­թիւն եւ պատ­մութիւն

Կեդ­րո­նի ծրա­գրին մաս կը կազ­մեն նաեւ գրա­կան հան­դի­պումներ։ Ակաթ Փի­նի հետ կազ­մա­կեր­պուածը կը վա­յելէր Ալ­ֆորվի­լի L’établi գրա­տան գոր­ծակցու­թիւնը: Սոյն հան­դի­պու­մը նուիրուած էր Էտ­կար Հիլ­զենրա­թի «Edgar Hilsenrath, la voie de l’impertinence» կեն­սագրա­կան գիր­քին։

Հինգշաբ­թի, Հոկ­տեմբեր 1-ին, Սե­ւան Անա­նեանի վա­րած քննարկման ըն­թացքին անդրա­դարձ եղած է Հիլ­զենրա­թի կեան­քին եւ ստեղ­ծա­գոր­ծութեան, ինչպէս նաեւ պատ­մութեան եւ յի­շողու­թեան հետ անոր կա­պին։ Քննար­կուած է նաեւ Հիլ­զենրա­թի ներ­կա­յու­թիւնը Ալ­ֆորվի­լի մէջ 2015-ին՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեակին առի­թով։

Այսպի­սի հան­դի­պումնե­րը հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին մի­ջավայ­րը կը կա­պեն գրա­կանու­թեան, պատ­մութեան եւ յի­շողու­թեան աւե­լի լայն թե­մանե­րու հետ։

Ալ­ֆորվի­լի հայ­կա­կան հետ­քը

Կեդ­րո­նի գոր­ծունէու­թեան մէկ այլ ուղղու­թիւնը քա­ղաքի հայ­կա­կան պատ­մութեան ներ­կա­յացումն է։ UGAB-ի 120-ամեակի ծի­րէն ներս, Սե­ւան Անա­նեանի ու­ղեկցու­թեամբ՝ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19-ին կազ­մա­կեր­պուած «Ալ­ֆորվի­լի հայ­կա­կան գիւ­ղի արա­հետ­նե­րուն վրայ» շրջայ­ցը այ­ցե­լու­նե­րուն հնա­րաւո­րու­թիւն ընձեռած է ծա­նօթա­նալու Ալ­ֆորվի­լի հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թեան պատ­մութեան։

Շրջայ­ցե­րու մի­ջոցով պատ­մա­կան տե­ղեկու­թիւննե­րը կը կա­պուին քա­ղաքի տա­րած­քին՝ փո­ղոց­նե­րուն, շէն­քե­րուն եւ հա­մայնքի կեան­քին հետ։ Այս ձե­ւով հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւնը կը մատուցուի որ­պէս Ալ­ֆորվի­լի ընդհա­նուր պատ­մութեան մէկ մա­սը։

Ձեռ­նարկնե­րուն կազ­մա­կերպման մէջ ու­շագրաւ է նաեւ սրա­հի ընդհա­նուր տես­քը։ Սե­ղան­նե­րու դա­սաւո­րու­մը, լու­սա­ւորու­թիւնը, զար­դե­րը եւ տա­րած­քի խնամ­քը կը կազ­մեն ձեռ­նարկնե­րու ընդհա­նուր մի­ջավայ­րին մէկ մա­սը։ Այս ման­րա­մաս­նութիւննե­րը կը նպաս­տեն գործնա­կան եւ ներշնչող պայ­մաննե­րու ստեղծման։

Երաժշտա­կան վար­պե­տաց դաս

Կազմակերպութեամբ՝ Հա­մազ­գա­յինի Փա­րիզի մաս­նա­ճիւ­ղին եւ Ալ­ֆորվի­լի երաժշտա­նոցին, Ուրբաթ, Հոկ­տեմբեր 9-ին, Ալ­ֆորվի­լի երաժշտա­նոցին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Armenian Spirit» խո­րագ­րով վար­պե­տաց դաս մը։ Ալ­ֆորվի­լի եւ Հայ մշա­կոյ­թի տան աշա­կերտնե­րը, ինչպէս նաեւ «Գէորգ Արա­պեան» վար­ժա­րանէն խումբ մը աշա­կերտներ ներ­կայ էին՝ հոյլ մը հան­դի­սատես­նե­րու շար­քին:

Դաշ­նա­կահա­րու­հի եւ եր­գա­հան Լիւ­սի Խա­նեան եւ հայ­կա­կան աւան­դա­կան փո­ղային նուագա­րան­նե­րու մաս­նա­գէտ Ան­նա Յով­հաննի­սեան ներ­կա­յացու­ցին հայ­կա­կան աւան­դա­կան երաժշտու­թեան, ժա­մանա­կակից ստեղ­ծա­գոր­ծութեան զու­գորդումնե­րը։

Երե­կոն եզ­րա­փակուեցաւ եր­կու արուես­տա­գէտ­նե­րու հա­մատեղ երաժշտա­կան ելոյ­թով։

Ալ­ֆորվի­լի Հայ Մշա­կոյ­թի Տան ծրա­գիրը կ՚ընդգրկէ տար­բեր ձե­ւաչա­փեր, որոնց մի­ջոցով հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը կը ներ­կա­յացուի նաեւ հա­մայնքէն դուրս գտնուող այ­ցե­լու­նե­րուն։ Երաժշտա­կան երե­կոնե­րը, գրա­կան հան­դի­պումնե­րը, պատ­մա­կան շրջայ­ցե­րը եւ ըն­կե­րային նա­խաձեռ­նութիւննե­րը կը ստեղ­ծեն բազ­մա­զան առիթ­ներ՝ մշա­կու­թա­յին գի­տելիք­նե­րը փո­խան­ցե­լու, նոր կա­պեր հաս­տա­տելու եւ հա­մայնքա­յին կեան­քը աշ­խուժաց­նե­լու հա­մար։

Այս իմաս­տով Հայ մշա­կոյ­թի տու­նը կը գոր­ծէ միաժա­մանակ որ­պէս մշա­կու­թա­յին ծրա­գրե­րու կազ­մա­կերպման եւ մար­դոց հան­դի­պու­մի վայր։ Հայ­կա­կան մշա­կոյթն ու պատ­մութիւ­նը այստեղ կը բա­ցայայ­տուին գործնա­կան եւ հա­ղոր­դա­կան մի­ջավայ­րի մը մէջ՝ պահ­պա­նելով հա­մայնքա­յին ժա­ռան­գութիւ­նը եւ միաժա­մանակ հա­սանե­լի դառ­նա­լով աւե­լի լայն հա­սարա­կութեան։

Ն. Ս.-Թ. ■