Մաքրոնի խիստ ուղերձը՝ Ֆրանսայի խռովութիւններէն ետք. «Աւերարարները պիտի վճարեն»
Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներուն մէջ Հոկտեմբեր 17-ին տեղի ունեցած զանգուածային ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած բռնութիւններուն, կողոպուտներուն եւ աւերածութիւններուն յաջորդ օրը, նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն հեռատեսիլէն դիմեց ժողովուրդին՝ հանդարտութեան կոչ ուղղելով եւ խոստանալով խստօրէն պատժել օրինազանցները։
Հոկտեմբեր 18-ի երեկոյեան, մօտ տասը վայրկեան տեւած իր ուղերձին մէջ, Մաքրոն իր զայրոյթն ու ամօթը արտայայտեց Ֆրանսայի փողոցներուն մէջ պարզուած տեսարաններուն առջեւ։
“Ոչինչ կ՚արդարացնէ, ոչինչ կը բացատրէ եւ ոչինչ ներելի կը դարձնէ այս արարքները”,– յայտարարեց նախագահը՝ շեշտելով, որ ուրիշներու ունեցուածքը կործանողներն ու կողոպտողները պիտի ենթարկուին պատասխանատւութեան եւ պարտաւորուին հատուցել իրենց պատճառած վնասները։
Մաքրոն բռնութիւններուն պատասխանատու նկատեց ծայրայեղ ձախակողմեան խմբաւորումներ եւ անոնց միացած յանցագործ տարրեր։ Սակայն միաժամանակ զգուշացուց, որ պէտք չէ շփոթել աւերարարները իրենց օրինական պահանջներուն համար փողոց իջած խաղաղ ցուցարարներուն հետ։
Ան ընդունեց, որ երկրին մէջ ընկերային դժգոհութիւնը խորացած է, յատկապէս երիտասարդութեան մէջ։ Կեանքի սղութիւնը, վառելանիւթի գիներուն բարձրացումը, կրթական հաստատութիւններուն անմխիթար վիճակն ու ուսուցիչներու պակասը լուրջ մտահոգութիւններու պատճառ են։
“Երիտասարդները կ՚ըսեն, թէ ասիկա իրենց ուզած ապագան չէ։ Մենք պէտք է լսենք զայրացածները”,– ընդգծեց Մաքրոն։
Նախագահը խոստացաւ նաեւ օգնութեան հասնիլ կողոպուտներէն եւ աւերածութիւններէն տուժած վաճառականներուն։ Վարչապետ Սեպասթիէն Լըքոռնիւի գլխաւորութեամբ նախատեսուած է արտակարգ խորհրդակցութիւն՝ վնասները գնահատելու եւ ապահովագրական ու պետական աջակցութեան կարելիութիւնները ճշդելու համար։
Միաժամանակ, Մաքրոն նահանգապետերուն յանձնարարեց, քաղաքապետերուն հետ խորհրդակցաբար, անհրաժեշտ բոլոր միջոցները ձեռք առնել հանրային շէնքերն ու առեւտրական հաստատութիւնները պաշտպանելու համար՝ անհրաժեշտութեան պարագային նոյնիսկ որոշ հաւաքներ արգիլելով։
Հսկողութեան տակ առնուած է շուրջ 2.400 հոգի
Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարարութեան Հոկտեմբեր 18-ի երեկոյեան հրապարակած հաշուեկշռին համաձայն, նախորդ օրուան ցոյցերուն առնչութեամբ 2.397 հոգի հսկողութեան տակ առնուած է, իսկ վիրաւորուած ոստիկաններուն եւ զինուորական ոստիկաններուն թիւը հասած է 997-ի, որոնցմէ եօթը՝ ծանրօրէն։
Երկրին տարբեր քաղաքներուն մէջ թիրախ դարձած են հարիւրաւոր վաճառատուներ, հանրային հաստատութիւններ եւ քաղաքապետարաններ։ Առեւտրական կազմակերպութիւններու նախնական գնահատումով՝ շուրջ 1.500 վաճառատուներ այս կամ այն չափով տուժած են։
Սակայն նախագահը չսահմանափակուեցաւ միայն աւերարարները դատապարտելով։ Ան պահանջեց քննութեան ենթարկել նաեւ ոստիկանութեան նախապատրաստութեան եւ տեղեկահաւաքի կարելի թերացումները՝ պարզելու համար, թէ ինչո՛ւ իշխանութիւնները չէին կրցած կանխատեսել բռնութիւններուն տարողութիւնը եւ ժամանակին հակազդել անոնց։
Այս հարցը արդէն իսկ քաղաքական հետեւանքներ ունեցաւ։ Հոկտեմբեր 19-ին Ներքին գործոց նախարար Լօռան Նիւնիէս իր հրաժարականը ներկայացուց՝ ընդունելով ապահովական միջոցառումներուն թերութիւնները։ Մաքրոն, սակայն, մերժեց հրաժարականը՝ նախարարին յանձնարարելով վերանայիլ ոստիկանութեան գործելակերպը։
Երկխօսութեան խոստում՝ ընկերային դժգոհութիւնը մեղմելու համար
Մաքրոն կառավարութեան յանձնարարած է նաեւ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ համախմբել աշակերտներու, ուսանողներու, ուսուցիչներու, արհեստակցական միութիւններու, գործատու շրջանակներու, տեղական իշխանութիւններու եւ քաղաքական ներկայացուցիչները՝ ընկերային տագնապին գործնական լուծումներ փնտռելու համար։
Այսպէսով, մինչ նախագահը կը խոստանայ խստութիւն ցուցաբերել աւերարարներուն նկատմամբ, ան միաժամանակ ստիպուած է ընդունելու, որ Ֆրանսայի փողոցներուն մէջ արտայայտուող դժգոհութիւնը միայն ապահովական միջոցներով կարելի չէ մեղմել։
Սակայն առայժմ յստակ չէ, թէ յայտարարուած խորհրդակցութիւնները ի՛նչ շօշափելի արդիւնքներ պիտի տան, եւ կառավարութիւնը ի՛նչ միջոցներու պիտի դիմէ՝ ընդառաջելու երիտասարդութեան ու աշխատաւոր դասակարգի պահանջներուն։
