Պելճիքայի Կանդի համալսարանին մէջ պիտի դասաւանդուին հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ
Պելճիքայի Կանդ քաղաքի համալսարանին մէջ պիտի հաստատուին հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին նուիրուած դասընթացքներ՝ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան հետ գոյացած համաձայնութեան մը հիման վրայ։ Համագործակցութեան յուշագրին ստորագրութիւնը տեղի ունեցած է Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20-ին։
Փաստաթուղթը հեռակայ կարգով ստորագրած են Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան եւ Կանդի համալսարանի վերատեսուչ Փեթրա տը Սութըր։
Համաձայնութիւնը կը նախատեսէ ոչ միայն հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի դասաւանդութիւն, այլեւ սեմինարներու, աշխատաժողովներու եւ գիտական ձեռնարկներու կազմակերպում։ Հայագիտական նիւթեր պիտի ընդգրկուին նաեւ համալսարանի արդէն գոյութիւն ունեցող դասընթացքներուն մէջ, իսկ հանրութեան համար պիտի կազմակերպուին ձեռնարկներ՝ ծանօթացնելու հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը։
Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ Հայաստանի կառավարութեան՝ արտասահմանի մէջ հայագիտութիւնը զարգացնելու եւ տարածելու քաղաքականութեան։ Նախարարութեան համաձայն՝ ներկայիս 11 երկիրներու 14 համալսարաններ պետական գանձատրում կը ստանան հայագիտական դասաւանդութեան եւ հետազօտական աշխատանքներու համար։
Անոնց շարքին են Հռոմի «Լա Սափիէնցա», Վենետիկի «Կա՛ Ֆոսկարի», Մատրիտի «Քոմփլութենսէ», Զալցպուրկի եւ Գահիրէի համալսարանները, ինչպէս նաեւ Արժանթինի, Լեհաստանի եւ Յունաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ։
Այս գործակցութիւններով Հայաստանի իշխանութիւնները կը ձգտին օտար համալսարաններու մէջ ամրապնդելու հայոց լեզուին, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթին ներկայութիւնը, միաժամանակ սերտացնելով հայ եւ օտարերկրեայ գիտնականներու ե համալսարանական հաստատութիւններու կապերը։
Կանդի մէջ նախատեսուած դասընթացքներու սկսման թուականը, ուսումնական ծրագիրն ու կազմակերպչական մանրամասնութիւնները առայժմ չեն հրապարակուած։
