Ստեփանաւանի ընտրութիւններէն չորս օր առաջ՝ 14 ձերբակալութիւն
Լոռիի մարզի Ստեփանաւան քաղաքին մէջ, Հոկտեմբեր 25-ին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւններէն չորս օր առաջ, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21-ին, 14 հոգի ձերբակալուած է ընտրակաշառքի գործով բացուած քննութեան ծիրէն ներս։ Ձերբակալուածներուն շարքին է գործարար Սամուէլ Կարապետեանի ղեկավարած ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան ընտրացուցակը գլխաւորող Արսէն Գէորգեան։ Ձերբակալութիւններն ու կուսակցութեան գրասենեակներուն մէջ կատարուած խուզարկութիւնները բուռն հակազդեցութիւն յառաջացուցած են ընդդիմութեան շրջանակներուն մէջ, որոնք իշխանութիւնները կը մեղադրեն քաղաքական նպատակներ հետապնդելու յանցանքով։
Հակակոռուպցիոն (Եղծանման դէմ պայքարի) կոմիտէին համաձայն, Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն ստացուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ բացուած քննութեամբ պարզուած է, որ «Ուժեղ Հայաստան»-ի թեկնածուն, իր ընտրացուցակին վրայ գտնուող այլ թեկնածուներու եւ կուսակցութեան ներկայացուցիչներու աջակցութեամբ, դրամ բաժնած է Ստեփանաւանի եւ շրջակայ գիւղերու քանի մը տասնեակ ընտրողներու՝ փոխարէնը անոնցմէ խոստում ստանալով մասնակցելու քուէարկութեան եւ ձայն տալու իր կուսակցութեան։
Քննիչները կը պնդեն նաեւ, թէ պատրաստութիւն կը տեսնուէր աւելի քան 30 այլ ընտրողի դրամ բաժնելու։ Ըստ անոնց՝ այդ նպատակով արդէն գումարներ մէկ կողմ դրուած էին եւ պատրաստուած՝ զանոնք ստանալիք անձերուն անուանացանկերը։ Քննիչներուն կասկածները կը վերաբերին ձերբակալուած 14 անձերուն, որոնցմէ ոմանք կրնան դրամ բաժնած ըլլալ, ուրիշներ՝ այդ գործը կազմակերպած կամ գումար ստացած։
«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը կը մերժէ մեղադրանքները՝ ձերբակալութիւնները նկատելով ընտրարշաւը խոչընդոտելու իշխանութիւններու փորձ մը։ Կուսակցութեան քանի մը ներկայացուցիչներու համաձայն, գործողութիւններուն նպատակն է կանխել ընդդիմութեան յաղթանակը Ստեփանաւանի մէջ։ Հրապարակուած հաղորդագրութեամբ կուսակցութիւնը բնակիչներուն կոչ ուղղած է չվախնալու եւ Կիրակի մասնակցելու քուէարկութեան։
Ձերբակալութիւնները տեղի կ՚ունենան արդէն իսկ լարուած քաղաքական մթնոլորտի մը մէջ։ Նախորդ օրը Ստեփանաւանի քանի մը բնակիչներ յայտարարած էին, թէ Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք իրենց քաղաքական համոզումներուն կամ ընդդիմութեան հետ ունեցած կապերուն պատճառով կորսնցուցած են հանրային մարզին մէջ իրենց աշխատանքը։ Նիկոլ Փաշինեան հերքած է այս պնդումները՝ փոխանցելով համապատասխան գործատու անձերուն բացատրութիւնները, որոնց համաձայն աշխատանքէ արձակումները տեղի ունեցած են կարգապահական պատճառներով։
Ընտրութիւններու շրջանին դատական գործընթացներու կիրարկումը ընդդիմութեան կողմէ յաճախ քննադատութեան առարկայ կը դառնայ։ Անցեալ ամիս հրապարակուած զեկոյցի մը մէջ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի դէտերը եւս արձանագրած էին, թէ գոյութիւն ունի օրէնքի ընտրովի կիրարկման մասին տարածուած ընկալում մը։
Ստեփանաւանի աւագանիի ընտրութիւններուն կը մասնակցին չորս քաղաքական ուժեր՝ իշխանութեան «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը, ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան»-ը, «Հանրապետութիւն»-ը եւ «Գործարարներու կուսակցութիւն»-ը։ Ընդդիմադիր գլխաւոր ուժերէն մէկուն ընտրացուցակը գլխաւորող թեկնածուին ձերբակալութիւնը, քուէարկութենէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ, նոր լարումի պատճառ դարձած է ընտրարշաւի վերջին փուլին։
