TRIPP. Խորհրդարանական յանձնաժողովը հաւանութիւն տուաւ համաձայնութեան վաւերացման
Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Հոկտեմբեր 21-ին հաւանութիւն տուաւ Միացեալ Նահանգներու հետ TRIPP ծրագրին վերաբերող ռազմավարական գործակցութեան համաձայնութեան վաւերացման օրինագիծին։ Որոշումը ընդունուեցաւ չորս թեր եւ մէկ դէմ քուէով։ Փաստաթուղթը այժմ պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի լիագումար նիստին։ Այս քուէարկութիւնը, սակայն, դեռ չի նշանակեր, թէ համաձայնութիւնը ի զօրու դարձած է։
2026 Յունիսին ստորագրուած համաձայնութիւնը կը սահմանէ Երեւանի եւ Ուաշինկթընի գործակցութեան հիմերը՝ «Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման Թրամփի ուղի» (TRIPP) ծրագրին իրականացման համար։ Նախաձեռնութիւնը կը միտի զարգացնել տարածաշրջանային եւ միջազգային հաղորդակցութեան ու փոխադրութեան ուղիները, խթանել առեւտուրը եւ տնտեսական նոր կարելիութիւններ ստեղծել Հայաստանի ու տարածաշրջանի երկիրներուն համար։ Ծրագիրը կը նախատեսէ նաեւ Հայաստանի տարածքով Ազերպայճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապի հաստատում՝ յարգելով Հայաստանի գերիշխանութիւնն ու իրաւասութիւնները։
Ընթացակարգերը չափազանց երկար կը տեւեն
Յանձնաժողովին առջեւ ելոյթ ունենալով՝ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դժգոհութիւն յայտնեց ծրագրին իրականացման համար անհրաժեշտ ձեւակերպումներուն դանդաղ ընթացքէն։ Ան հաւաստեց, թէ հայկական կողմը ամէն ջանք կը թափէ գործը արագացնելու համար, սակայն պարտաւոր է յարգելու նախատեսուած օրինական ընթացակարգերը։
Նախարարին համաձայն, ԱՄՆ-ն արդէն կատարած է համաձայնութեան ի զօրու դառնալուն համար իրենց օրէնսդրութեամբ պահանջուած բոլոր քայլերը։ Փաստաթուղթը քննելու կարիք չկայ ո՛չ Ներկայացուցիչներու տան, ո՛չ ալ Ծերակոյտին մէջ։ Հայաստանի մէջ, իր կարգին, համաձայնութիւնը արդէն անցած է Սահմանադրական դատարանի քննութենէն։ Խորհրդարանական վաւերացումէն ետք պիտի մնայ Հանրապետութեան նախագահին ստորագրութիւնը։
Հոկտեմբեր 2-ի մեր թիւին մէջ անդրադարձած էինք 2027-ի սկիզբը ծրագրին առաջին քարը դնելու կարելիութեան։ Ընթացակարգերուն երկարութեան վերաբերեալ Միրզոյեանի արտայայտած մտահոգութիւնը, սակայն, չի նշանակեր, թէ արդէն նախատեսուած է այդ թուականին յետաձգումը։
Ծրագիրը կրնայ ընդգրկել տարբեր ուղիներէ անցնող ենթակառոյցներ
Խորհրդարանական քննարկումին ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ TRIPP-ի աշխարհագրական տարածքին հարցը։ Ընդդիմադիր երեսփոխան Քրիստինէ Վարդանեան նախարարին հարցուց ծրագրին նախատեսուած լայնքին եւ Հայաստանի հարաւէն անցնող շուրջ 42 քիլոմեթրնոց հատուածին մասին։
Միրզոյեան բացատրեց, թէ TRIPP-ը կարելի չէ սահմանափակել որոշ լայնք ունեցող մէկ ուղիով, քանի որ անոր մաս կազմող ենթակառոյցները կրնան տարբեր վայրերէ անցնիլ։ Իբրեւ օրինակ՝ ան յիշեց Ղազախ-Իջեւան ուղղութեամբ կազատարի մը եւ Մեղրիէն անցնող երկաթուղիի մը կարելիութիւնը։ Այսուհանդերձ, ան յստակացուց, թէ ենթակառոյցներուն վերջնական ուղիները տակաւին որոշուած չեն։
Նախարարը նաեւ յայտարարեց, թէ նախատեսուած երկաթուղին կանգառներ պիտի ունենայ՝ միաժամանակ մերժելով այն պնդումները, որոնց համաձայն TRIPP-ի համաձայնութիւնը «յատուկ վարչակարգ» մը կը հաստատէ Հայաստանի տարածքին վրայ։
Քննարկուեցաւ նաեւ ծրագրին համապատասխանութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան կանոններուն։ Միրզոյեան այս առնչութեամբ հակասութիւն չի տեսներ՝ յիշեցնելով, որ Միութեան անդամակցութիւնը արգելք չէ դրացի երկիրներուն հետ առեւտրական յարաբերութիւններ մշակելու։
Այսպէսով, մինչ կառավարութիւնը կը շեշտէ ծրագրին տնտեսական ու տարածաշրջանային կարեւորութիւնը եւ կը ձգտի արագացնելու անոր իրականացումը, TRIPP-ի գործնական մանրամասնութիւնները՝ մասնաւորաբար ենթակառոյցներուն անցնելիք ուղիներն ու անոնց գործածութեան պայմանները, կը շարունակեն քննարկումներու առարկայ մնալ խորհրդարանին մէջ։
La commission des Affaires étrangères de l’Assemblée nationale arménienne a approuvé, le 21 octobre, le projet de ratification de l’accord-cadre de coopération stratégique avec les États-Unis consacré au projet TRIPP. Adopté par quatre voix contre une, le texte doit encore être examiné en séance plénière. Ce vote constitue une étape dans la procédure de ratification, sans marquer pour autant l’entrée en vigueur de l’accord.
Signé en juin 2026, l’accord définit les bases de la coopération entre Erevan et Washington pour la réalisation de la « Route Trump pour la paix et la prospérité internationales ». Le projet s’inscrit dans la réouverture des communications régionales, notamment entre l’Azerbaïdjan et le Nakhitchevan à travers le territoire arménien.
Des procédures jugées trop longues
Présent devant les députés, Ararat Mirzoyan a fait part de son impatience devant la durée des démarches nécessaires à la mise en œuvre du projet. Le ministre a assuré que la partie arménienne cherchait à avancer rapidement, tout en reconnaissant que les procédures imposaient leur propre calendrier.
Selon ses explications, les États-Unis ont déjà accompli les formalités prévues par leur législation pour permettre l’entrée en vigueur de l’accord. Aucun examen par la Chambre des représentants ou le Sénat américain n’est requis. En Arménie, le texte a franchi l’étape de la Cour constitutionnelle. La procédure parlementaire doit désormais être menée à son terme, avant la signature du président de la République.
Dans notre édition du 2 octobre, la possibilité d’une pose de la première pierre au début de l’année 2027. Les réserves exprimées par le ministre sur la longueur des procédures ne constituent pas, à ce stade, l’annonce d’un report de cette échéance.
Des infrastructures sur plusieurs itinéraires
Les échanges ont également porté sur l’étendue du projet. Interrogé par la députée d’opposition Kristiné Vardanian sur la largeur de TRIPP et sur les quelque 42 kilomètres généralement évoqués dans le sud de l’Arménie, Mirzoyan a expliqué que le projet pouvait comprendre plusieurs infrastructures empruntant des itinéraires distincts.
Il a ainsi cité l’exemple d’un gazoduc passant par Kazakh–Idjevan et d’une voie ferrée traversant Meghri. Ces indications illustrent les possibilités envisagées, sans constituer l’annonce de tracés définitifs. Le ministre a également affirmé que la ligne ferroviaire comprendrait des arrêts et contesté l’idée selon laquelle l’accord instaurerait un « régime spécial ».
Interrogé sur la compatibilité du projet avec les règles de l’Union économique eurasiatique, Mirzoyan a déclaré ne pas y voir de contradiction. Il a rappelé que l’appartenance à l’organisation n’empêchait pas ses membres d’entretenir des relations commerciales avec leurs voisins. Cette appréciation est celle du gouvernement arménien, alors que les modalités concrètes de mise en œuvre de TRIPP restent au cœur du débat parlementaire.
