ՀՀ դեսւապ-ԱՄՆ

Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ TRIPP-ի ծրագրին առնչուող աշխատանքները բաւական արագ կ՚ընթանան։

Անոր համաձայն՝ ներկայիս ծրագրին շուրջ ուսումնասիրութիւն մը կը կատարուի, որ նախատեսուած է ամբողջացնել յառաջիկայ մէկ-երկու ամիսներուն։

“Եթէ նկատի առնենք, թէ մէկ տարուան ընթացքին ծրագիրը որքան յառաջացած է, պէտք է ըսեմ, որ այս տարողութեամբ ծրագրի մը համար բաւական մեծ արդիւնք արձանագրուած է”,– ըսած է դեսպանը՝ աւելցնելով, որ ուսումնասիրութեան աւարտէն ետք, 2027-ի սկիզբին արդէն կարելի պիտի ըլլայ անցնիլ իրական եւ գործնական քայլերու։

Մկրտչեան նախապէս եւս յայտնած էր, որ 2027-ի սկիզբին կրնայ տեղի ունենալ TRIPP-ի հիմնարկէքի արարողութիւնը։