Սասունցի Դաւիթի արձանը. կործանումէն մինչեւ յաղթական վերադարձ
Երեւանի երկաթուղային կայարանին դիմաց կանգնած Սասունցի Դաւիթի հոյակերտ ձիարձանը Հայաստանի մայրաքաղաքին ամէնէն ծանօթ խորհրդանիշերէն մէկն է։ Սակայն քանդակագործ Երուանդ Քոչարի այս գլուխգործոցին ետին կը թաքնուի հալածանքի, կործանումի եւ վերածնունդի ուշագրաւ պատմութիւն մը։
1939-ին, երբ Հայաստան կը պատրաստուէր տօնելու «Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպին հազարամեակը, որոշուեցաւ Երեւանի երկաթուղային կայարանին հրապարակը զարդարել Սասունցի Դաւիթի արձանով մը, որ պիտի դիմաւորէր տօնակատարութիւններուն համար ժամանող հիւրերը։
Ժամանակը, սակայն, չափազանց սահմանափակ էր։ Շարք մը նշանաւոր քանդակագործներ մերժեցին գործը ստանձնել՝ նկատելով, որ նման արձան մը ստեղծելու համար ամիսներ, նոյնիսկ տարիներ անհրաժեշտ էին։ Փարիզէն Հայաստան վերադարձած Երուանդ Քոչար ընդունեց մարտահրաւէրը։
Ընդամէնը 18 օր բաւարար եղաւ իրեն՝ գաճէ կերտելու Սասունցի Դաւիթի ձիարձանը, որ նոյն տարին հանդիսաւորապէս տեղադրուեցաւ կայարանին հրապարակին վրայ։
Սակայն արձանին ճակատագիրը նոյնքան փոթորկալից պիտի ըլլար, որքան իր հեղինակինը։
1941 Յունիս 23-ին Քոչար ձերբակալուեցաւ խորհրդային իշխանութիւններուն կողմէ՝ քաղաքական մեղադրանքներով։ Նոյն օրերուն ոչնչացուեցաւ նաեւ անոր կերտած Սասունցի Դաւիթը։
Արձանին կործանումին շուրջ պահպանուած վկայութիւններուն համաձայն, խորհրդային իշխանութիւններուն դժգոհութեան պատճառ դարձած էր նոյնիսկ Դաւիթի մերկացուած սուրը, որ իբրեւ թէ ուղղուած էր դէպի «բարեկամ» Թուրքիան։ Ազատասիրութեան եւ ազգային դիմադրութեան խորհրդանիշ հերոսին այս պատկերը անընդունելի նկատուած էր ժամանակի քաղաքական մթնոլորտին մէջ։
Քոչար բանտը մնաց աւելի քան երկու տարի։ Միայն 1943-ի Օգոստոսին ազատ արձակուեցաւ՝ Կարօ Հալապեանի եւ Անաստաս Միկոյեանի միջամտութեամբ։ Իսկ իր առաջին Սասունցի Դաւիթէն մնացին միայն լուսանկարները։
Տարիներ ետք՝ 1957-ին, Երեւանի իշխանութիւնները որոշեցին վերականգնել արձանը։ Գործը դարձեալ վստահուեցաւ Քոչարին, որ այս անգամ ոչ թէ պարզապէս կրկնեց նախկին քանդակը, այլ ստեղծեց աւելի մեծ ու տպաւորիչ նոր յօրինուածք մը։
1959 Դեկտեմբեր 3-ին Սասունցի Դաւիթը վերադարձաւ իր տեղը։ Կայարանին հրապարակին վրայ կանգնեցաւ Քոչարի պղնձէ նոր ձիարձանը՝ իր հուժկու նժոյգով, շարժումով ու մարտական խոյանքով։
Հետագային՝ 1967-ին, այս ստեղծագործութեան համար Քոչար արժանացաւ Խորհրդային Հայաստանի պետական մրցանակին։
Այսօր, աւելի քան վեց տասնամեակ ետք, Սասունցի Դաւիթը կը շարունակէ հսկել Երեւանի երկաթուղային կայարանին հրապարակը։ Խորհրդային իշխանութիւնները կրցան կործանել անոր առաջին արձանը, սակայն չկրցան լռեցնել այն ոգին, որուն մարմնաւորումը դարձած էր Դաւիթը։
Եւ թերեւս այդ է Քոչարի գլուխգործոցին ամէնէն խօսուն խորհուրդը. անգամ մը կործանուած հերոսը վերադարձաւ՝ այս անգամ մնալու համար։
