COP17. Արուեստի եւ բնութեան նուիրուած օր մը Ջրվէժի անտառին մէջ

forêt jrvezh

Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 19-30 գումարուող կենսաբազմազանութեան COP17 միջազգային խորհրդաժողովին առիթով, «Ռամբալկօշէ» մշակութային հիմնարկը եւ Հայաստանի Ֆրանսական հիմնարկը Կիրակի, Հոկտեմբեր 25-ին, արուեստի եւ բնութեան նուիրուած օր մը կը կազմակերպեն՝ «Անտառին արձագանգները» խորագրով։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մերձակայ Ջրվէժի անտառային զբօսայգիին մէջ գտնուող «Woods Center» մշակութային կեդրոնը, յետմիջօրէի ժամը 2-էն մինչեւ երեկոյեան 9.30։

Օրուան յայտագիրը կ՚ընդգրկէ աշխատանոցներ, ցուցահանդէսներ, շարժանկարի ցուցադրութիւն, հայ եւ ֆրանսացի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ զրոյց, ինչպէս նաեւ համերգ։

Ժամը 2-էն 4.30, Արթիւր Կարապետեան պիտի վարէ «Կենսաբազմազանութեան որմնանկար» խորագրով մասնակցային աշխատանոց մը, որուն ընթացքին ներկաները պիտի ծանօթանան կենդանի տեսակներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերուն եւ բնութեան վրայ մարդկային գործունէութեան հետեւանքներուն։

Յետմիջօրէին պիտի բացուին նաեւ երկու ցուցահանդէսներ։ Առաջինը, որ պատրաստուած է Ֆրանսայի Զարդարուեստի ազգային բարձրագոյն դպրոցին (ENSAD) գործակցութեամբ, նուիրուած պիտի ըլլայ Ուրֆայի աւանդական հիւսուածագործութեան եղանակներուն։ Երկրորդին մէջ պիտի ներկայացուին «Ռամբալկօշէ» արուեստագէտներու հաւաքականի անդամ Վալենթինա Դաւիթաւեանի ստեղծագործութիւնները։

Ժամը 4.45-ին պիտի ցուցադրուի ֆրանսացի բեմադիրներ Մարի Ամիկէի եւ Վենսան Միւնիէի «Ձիւնահովազը» վաւերագրական ժապաւէնը, որ կը հետեւի բնութեան լուսանկարիչ Վենսան Միւնիէի եւ գրող Սիլվէն Թեսոնի ուղեւորութեան՝ Թիպէթի լեռներուն մէջ հազուագիւտ ձիւնահովազը գտնելու որոնումներուն։

Ցուցադրութենէն ետք, ժամը 6.45-ին, տեղի պիտի ունենայ զրոյց մը՝ բնութեան եւ կենդանի աշխարհին տեղը արուեստին մէջ նիւթով։ Պիտի մասնակցին ֆրանսացի բեմադիրներ Վենսան Միւնիէ եւ Մոմոքօ Սեթօ, ինչպէս նաեւ ճարտարապետ Մարիաննա Կարապետեան, որ իր մասնակցութիւնը բերած է «Woods Center»-ի յղացման։ Զրոյցը պիտի վարէ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնի գեղարուեստական տնօրէն Կարէն Աւետիսեան։

Օրը պիտի եզրափակուի Մարտին Շահպազեանի համերգով՝ երեկոյեան ժամը 8.30-էն 9.30։

Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէ COP17-ի առիթով Հայաստանի Ֆրանսական հիմնարկին պատրաստած մշակութային յայտագրին, որ Երեւանի եւ Դիլիջանի մէջ կը համախմբէ շարժանկարի ցուցադրութիւններ, արուեստի ցուցահանդէսներ եւ բնութեան պահպանութեան նուիրուած հանդիպումներ։

«Կենսաբազմազանութեան որմնանկար» աշխատանոցին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է նախապէս արձանագրուիլ։ Արձանագրութեան կապը կարելի է գտնել Հայաստանի Ֆրանսական հիմնարկին ընկերային ցանցերուն վրայ։

Նշուած բոլոր ժամերը Հայաստանի տեղական ժամով են։