ԹԷքէեան մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը Երեւանի մէջ

Թէքէեան

Սեփական թղթակ­ցութիւն «Նոր Յա­ռաջ»-ի – Եր­կուշաբ­թի, Նո­յեմ­բեր 2-ի յետ­մի­ջօրէին Երե­ւանի Թէ­քէեան կեդ­րո­նին մէջ կա­յացաւ Թէ­քէեան մշա­կու­թա­յին միու­թեան 2026 թուակա­նի մրցա­նակա­բաշ­խութեան հան­դի­սու­թիւնը։ Այս տա­րի, աւան­դա­կան երեք անուանա­կար­գե­րուն աւել­ցած էր չոր­րորդ մը՝ ազ­գա­յին ար­ժէքնե­րու պահ­պա­նու­թեան եւ Հա­յաս­տան-սփիւռք յա­րաբե­րու­թեանց ամ­րապնդման մրցա­նակը։

Հան­դի­սու­թիւնը սկսաւ Տէ­րու­նա­կան աղօթ­քով։ Հա­յաս­տա­նի ԹՄՄ-ի վար­չութեան նա­խագահ դոկ­տոր Ռու­բէն Միր­զա­խանեան յայ­տա­րարեց այս տա­րուան մրցոյ­թի յաղ­թողնե­րուն անուննե­րը։ Գրա­կանու­թեան անուանա­կար­գին մէջ մրցա­նակի ար­ժա­նացաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ Ֆրան­սա­յի եր­բեմնի ար­տա­կարգ եւ լիազօր դես­պան, հայ ժո­ղովուրդի մեծ բա­րեկամ Հան­րի Գիւ­նին՝ Կո­միտա­սի կեան­քին նուիրուած իր գիր­քին հա­մար։ Հա­յագի­տու­թիւն անուանա­կար­գին մրցա­նակը տրուեցաւ ՀՀ Գի­տու­թիւննե­րու ազ­գա­յին ակա­դեմիայի պատ­մութեան հիմ­նարկի եւ Մա­տենա­դարա­նի աւագ գի­տաշ­խա­տող դոկ­տոր Ար­տակ Մա­ղալեանին՝ Ար­ցա­խի մե­լիքու­թեանց 17-19-րդ դա­րերու պատ­մութեան եւ մե­լիքա­կան տոհ­մե­րու մա­սին իր մե­նագ­րութեան հա­մար։ Գե­ղարուես­տի անուանա­կար­գին մրցա­նակը տրուեցաւ գե­ղան­կա­րիչ, Հա­յաս­տա­նի Նկա­րիչ­նե­րու Միու­թեան նա­խագահ Սու­րէն Սա­ֆարեանին։ Նո­րաս­տեղծ անուանա­կար­գին մրցա­նակը հա­մապա­տաս­խան դա­տակազ­մը շնոր­հեց ԱՄՆ-ու անգլիալե­զու «Տը Ար­մի­նիըն մի­րըր-սփեք­թէյթըր» շա­բաթա­թեր­թին, յան­ձին՝ գլխա­ւոր խմբա­գիր Ալին Գրի­գորեանի։ Ի դէպ, այս առ­թիւ Երե­ւան եկած էին ու մրցա­նակ­նե­րը ան­ձամբ ստա­ցան պա­րոն Գիւ­նին եւ տի­կին Գրի­գորեանը։

Հան­դի­սու­թեան ըն­թացքին մրցա­նակա­կիր­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւրը ար­տա­յայ­տուեցաւ իր կա­տարած աշ­խա­տանքնե­րուն, դի­մագ­րա­ւած դժուարու­թեանց ու անոնց յաղ­թա­հար­ման իրենց ջան­քե­րուն մա­սին։ Մրցա­նակա­կիր­նե­րուն ու անոնց մրցա­նակի ար­ժա­նացած գոր­ծե­րուն մա­սին ելոյթներ ու­նե­ցան ՀՀ ԳԱԱ թղթա­կից ան­դամ, բա­նասէր Աէլի­թա Տո­լու­խա­նեանը (ֆրան­սե­րէն, ապա հա­յերէն), Փա­րիզի «Ար­շակ Չօ­պանեան» հիմ­նարկի տնօ­րէն, քա­ղաքա­գէտ Վա­րու­ժան Սի­րապեանը (ֆրան­սե­րէն՝ հա­մաժա­մանա­կեայ հա­յերէն թարգմա­նու­թեամբ), զան­գուածա­յին լրաս­փիւռնե­րու դաշ­տի փոր­ձա­գէտ Ար­մէն Ամի­րեանը, ակա­դեմի­կոս, թրքա­գէտ Ռու­բէն Սաֆ­րաստեանը եւ արուես­տա­բան Արա Յա­կոբեանը։ 

Մրցա­նակա­բաշ­խութեան ան­մի­ջապէս հե­տեւե­ցաւ «Շու­շի. Ան­հերքե­լի փաս­տեր» ֆիլ­մի չոր­րորդ մա­սի առաջ­նա­դիտու­մը։

Երե­կոյ­թը աւար­տե­ցաւ հիւ­րա­սիրու­թեամբ, որու ըն­թացքին ներ­կա­ները հնա­րաւո­րու­թիւն ու­նե­ցան միտ­քեր փո­խանա­կելու մրցոյ­թին, մրցա­նակա­կիր­նե­րուն, անոնց աշ­խա­տանքնե­րուն ու ապա­գայ ծրագ­րե­րուն մա­սին։

ԳԷՈՐԳ ՆԱԹԱԼԻ-ԵԱԶԸՃԵԱՆ ■