TRIPP-ի իրագործման նոր քայլ․ Հայաստան, ԱՄՆ եւ Ազերպայճան կը կազմեն եռակողմ աշխատանքային խումբեր

ՀՀ ԱԳՆ

Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ եւ Ազերպայճան համաձայնած են գործի լծել եռակողմ մասնագիտական խումբեր՝ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) ծրագրին իրագործումը յառաջ մղելու նպատակով։

Նոյեմբեր 7-ին հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան համաձայն՝ նախաձեռնութեան մեկնարկը տուած են ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնական Պրենտան Հանրահան, Հայաստանի Արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի փոխնախարար Վահան Կոստանեան եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետով։

Առաջին երկու աշխատանքային խումբերը պիտի զբաղին փոխադրութեան եւ ելեկտրական ուժանիւթի փոխանցման հարցերով։ Երեք երկիրներու պատասխանատուներն ու մասնագէտները պիտի քննեն ծրագրին իրագործման առնչուող թեքնիքական խնդիրները, ներառեալ՝ նախատեսուող ուղիներուն կապը տարածաշրջանային այլ ենթակառոյցներու հետ։

Այս նոր ձեւաչափը կը շարունակէ Ուաշինկթընի մէջ 2025 Օգոստոս 8-ին նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ գոյացած հայ-ազերպայճանական համաձայնութիւններուն ծիրին մէջ սկսած գործընթացը։

Միացեալ յայտարարութեան մէջ երեք կողմերը վերահաստատած են TRIPP-ի բոլոր բաղադրիչները կարելի եղածին չափ արագ գործարկելու իրենց յանձնառութիւնը։

Այս աշխատանքային խումբերուն կազմութեամբ՝ ծրագիրը կը մտնէ թեքնիքական նախապատրաստութեան յաջորդ փուլը, մինչ փոխադրութեան եւ ուժանիւթի ենթակառոյցներուն գործնական իրագործման մանրամասնութիւնները տակաւին պէտք է ճշդուին։