Վլատիմիր Վարդանեան ընտրուեցաւ Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ
Հայաստանի Սահմանադրական ատեանը Նոյեմբեր 6-ին, գաղտնի քուէարկութեան երկրորդ փուլին ընտրեց իր նախագահը, յանձին՝ Վլատիմիր Վարդանեանի։
Պաշտօնին համար իրենց թեկնածութիւնը ներկայացուցած էին ատեանի անդամներ Վլատիմիր Վարդանեան եւ Էդգար Շաթիրեան։ Առաջին քուէարկութեան երկու թեկնածուներէն ոչ մէկը ստացաւ ընտրութեան համար անհրաժեշտ ձայները։ Օրէնքով նախատեսուած երկրորդ փուլին յաղթանակ տարաւ Վարդանեան։
Նախագահի պաշտօնը թափուր մնացած էր Հոկտեմբեր 12-էն, երբ աւարտած էր Արման Դիլանեանի վեցամեայ պաշտօնավարութիւնը։ Հոկտեմբեր 14-ին կատարուած նախորդ ընտրութիւնները արդիւնք չէին տուած։
Վլատիմիր Վարդանեան, որ նախապէս մաս կը կազմէր իշխանութեան գլուխ գտնուող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, եղած է Ազգային ժողովի երեսփոխան եւ Պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ։ Ան Սահմանադրական ատեանի անդամ ընտրուած էր 2026 Մարտին։
Վարդանեանի ընտրութենէն ետք Էդգար Շաթիրեան յայտարարած է, թէ կը հրաժարի ատեանի փոխնախագահի պաշտօնէն, սակայն պիտի շարունակէ իր պարտականութիւնները իբրեւ դատաւոր։
Հայաստանի Սահմանադրութեամբ՝ ատեանի նախագահը կ՚ընտրուի վեց տարուան համար եւ չի կրնար վերընտրուիլ նոյն պաշտօնին։
