ԻՍՐԱՅԷԼ – Վե՞րջ Նեթանիահուի աղէտաբեր իշխանութեան շրջանին
Կատի Այզընքոթ
Նախագահ Հերցոկ կառավարութիւն կազմելու պարտականութիւնը կը յանձնէ ընդդիմութեան ղեկավար Կատի Այզենքոթին
Իսրայէլի քաղաքական կեանքին մէջ շրջադարձային զարգացում մը կ՚արձանագրուի։ Նախագահ Իսահակ Հերցոկ Շաբաթ, Նոյեմբեր 7-ին յայտարարեց, թէ յաջորդ օրը կառավարութիւն կազմելու պարտականութիւնը պիտի յանձնէ ընդդիմութեան ղեկավար, նախկին զօրավար Կատի Այզենքոթին։ Որոշումը նոր անորոշութիւն կը ստեղծէ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի քաղաքական ապագային շուրջ։
Հոկտեմբեր 27-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները վերջ դրին Նեթանիահուի գլխաւորած կրօնական եւ ազգայնական կուսակցութիւններու դաշինքին մեծամասնութեան։ Անոնք 120 աթոռնոց Քնեսէթին մէջ ապահովեցին 53 աթոռ, մինչ Այզենքոթի գլխաւորած չորս կուսակցութիւններու դաշինքը ստացաւ 48 աթոռ։ Արաբական երկու կուսակցութիւնները միասնաբար շահեցան 19 աթոռ։
Սակայն նախագահին հետ խորհրդակցութիւններու ընթացքին 67 երեսփոխաններ զօրակցութիւն յայտնեցին Այզենքոթի թեկնածութեան, մինչ Նեթանիահու ստացաւ 46 երեսփոխանի աջակցութիւնը։ Եօթը ուրիշներ ձեռնպահ մնացին։
Այզենքոթ, որ 2015-էն 2019 Իսրայէլի բանակին սպայակոյտի պետն էր, 2022-ին մուտք գործեց քաղաքական ասպարէզ։ Անոր ժողովրդականութիւնը ամրապնդուած է նաեւ ընտանեկան ողբերգութեամբ մը. որդին եւ երկու եղբօրորդիները սպանուեցան Կազայի պատերազմին ընթացքին։
Իր քարոզարշաւին առանցքը դարձուցած էր հասարակական պառակտումներու մեղմացումը, դատական իշխանութեան անկախութեան պաշտպանութիւնը եւ պետական քննիչ յանձնաժողովի մը կազմութիւնը՝ 2023 Հոկտեմբեր 7-ի յարձակումներուն ժամանակ արձանագրուած ապահովական ձախողութիւնները քննելու համար։ Ան խոստացած է նաեւ պայքարիլ Յորդանան գետի արեւմտեան ափին մէջ պաղեստինցիներու դէմ հրեայ բնակիչներու գործադրած բռնութիւններուն դէմ։
Այսուհանդերձ, Այզենքոթի իշխանութեան հասնիլը չի նշանակեր, որ Իսրայէլի ռազմական քաղաքականութիւնը արմատական փոփոխութիւն պիտի կրէ։ Նախկին զօրավարը կը մերժէ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը եւ Կազայի մէջ Համասի իշխանութեան վերջ տալը իր առաջնահերթութիւններէն կը համարէ։ Ան նաեւ 2006-ի Լիբանանի պատերազմի ընթացքին գործադրուած խիստ ռազմական ռազմավարութեան հեղինակներէն մէկն է։
Առայժմ կառավարութիւն կազմելու ճանապարհը լեցուն է խոչընդոտներով։ Թէեւ արաբական կուսակցութիւնները աջակցած են Այզենքոթի թեկնածութեան, սակայն վերջինիս դաշնակիցներէն ոմանք կը մերժեն անոնց հետ կառավարական գործակցութիւնը։ Միւս կարելիութիւնները կրնան ըլլալ ծայրայեղ ուղղափառ կուսակցութիւններու մասնակցութիւնը կամ ազգային միութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը, ինչ որ նոյնպէս քաղաքական լուրջ տարակարծութիւններ կը յառաջացնէ։
Այզենքոթ պիտի ունենայ 28 օր՝ խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմելու համար, անհրաժեշտութեան պարագային 14 օր եւս երկարաձգելու կարելիութեամբ։
Հետեւաբար, Նեթանիահուի երկարատեւ քաղաքական գերիշխանութիւնը լուրջ մարտահրաւէրի առջեւ գտնուելով հանդերձ՝ կարելի չէ վհռականապէս պնդել, թէ անոր աղէտաբեր շրջանը աւարտած է։
