Վահագն Տատրեանի հարիւր հազար էջնոց արխիւը առցանց հասանելի կը դառնայ
Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ռահվիրաներէն, աշխարհահռչակ պատմաբան եւ ցեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանի (1926-2019) գիտական հարուստ արխիւը թուայնացուած է եւ առցանց հասանելի կը դառնայ աշխարհի բոլոր հետազօտողներուն ու հետաքրքրուողներուն։
Արխիւին պաշտօնական ներկայացումը նախատեսուած էր Նոյեմբեր 15-ին, Գալիֆորնիոյ Միշըն Հիլզ քաղաքին մէջ գտնուող «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին մէջ։ Նախաձեռնութիւնը իրագործուած է թանգարանին եւ հետազօտական կեդրոնին, Լոս Անճըլըսի Գալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) «Փրոմիս» հայկական հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան ծրագրին եւ Հայկական շարժանկարի հիմնադրամին գործակցութեամբ։
Վահագն Տատրեան երկա՜ր տասնամեակներ աշխարհի տարբեր երկիրներու արխիւներուն մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած է՝ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը բացայայտելու եւ գիտականօրէն վաւերագրելու նպատակով։ Անոր հաւաքածոն կը պարունակէ օսմանեան, հայկական, գերմանական, բրիտանական, ֆրանսական, ամերիկեան եւ այլ աղբիւրներէ քաղուած պաշտօնական փաստաթուղթեր, նամակագրութիւն, թերթեր, անտիպ ձեռագրեր եւ հետազօտական նշումներ։
Աւելի քան 100 հազար էջ եւ 660 ժիկապայթ թուայնացուած նիւթ պարունակող այս բացառիկ արխիւին պահպանման ու մշակման աշխատանքները տեւած են 16 տարի։
Նախաձեռնութիւնը սկսած է 2009-ին, երբ Տատրեան իր անձնական արխիւը վստահած է «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին։ Անոր նախագահ Մարթին Էսքիճեան ձեռնարկած է հաւաքածոյին պահպանման աշխատանքներուն, իսկ տնօրէն Մեկի Մանկասարեան-Կօշչին ղեկավարած է փաստաթուղթերուն փոխադրութեան, դասաւորման եւ թուայնացման երկարատեւ գործընթացը։ Այս աշխատանքը իր աւարտին հասած է 2025 Դեկտեմբերին։
Նորութիւն է նաեւ արհեստական բանականութեան օգնութեամբ գործող «Հարցուցէ՛ք Տատրեանին» (Ask Dadrian) համակարգը, որ հետազօտողներուն կարելիութիւն կ՚ընձեռէ հարցումներ ուղղելու արխիւին մասին, գտնելու համապատասխան փաստաթուղթերը եւ ուսումնասիրելու հազարաւոր էջերու միջեւ գոյութիւն ունեցող առնչութիւնները։
Այս նախաձեռնութեամբ ոչ միայն մոռացութենէ կը փրկուի գիտնականին տասնամեակներու աշխատանքը, այլեւ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան համար բացառիկ արժէք ներկայացնող վաւերագրական հարստութիւն մը կը դրուի յաջորդ սերունդներու տրամադրութեան տակ։
