ՖՐԱՆՍԱ – Ֆոնէթոն 2026. 1,3 միլիոն եւրոյի նուիրատւութիւններ եւ խոստումներ

Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի «Ֆոնէթոն 2026» դրամահաւաքը Կիրակի, Նոյեմբեր 22-ի երեկոյեան աւարտած է 1,3 միլիոն եւրոյի նուիրատւութիւններով եւ նուիրատւութեան խոստումներով։ Այս տարուան կնքահայրը լրագրող, գրող եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ Քրիսթիան Մակարեանն էր։
Հանգանակուած գումարը պիտի յատկացուի Հայաստանի մէջ շարք մը ծրագրերու իրականացման, յատկապէս՝ Սիւնիքի Սպանդարեանի 36,4 քիլոմեթր երկարութեամբ ջրանցքի վերանորոգման։ Կը նախատեսուի ջրանցքին առաջին կէսը շահագործման յանձնել 2027-ի ամռան։ Ամբողջութեամբ գործելու պարագային, իր յարակից ոռոգման ցանցերով, ան պիտի կարենայ ոռոգել մինչեւ 2800 հեկտար հողատարածք՝ նպաստելով Սիւնիքի զարգացման եւ վերաբնակեցման, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին Հայաստանի գոյատեւման համար։ Ծրագրէն ուղղակի պիտի օգտուի աւելի քան 4350 բնակիչ։ Աշխատանքներուն ծախսը կը գնահատուի մէկ մեթրի համար 200 եւրօ։

Նուիրատւութիւնները պիտի նպաստեն նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու գիւղատնտեսութեան զարգացման։ Կը նախատեսուի ստեղծել գիւղատնտեսական համագործակցական ընկերութիւններ, որպէսզի արտադրողները կարենան միասնաբար մշակել եւ վաճառել իրենց բերքը։ Ծրագիրը կը նախատեսէ նաեւ պտուղի չորանոցներու հիմնում, բերքի փոխադրութեան աջակցութիւն եւ մասնագիտական նոր դասընթացքներ, որոնց պահանջքը մեծ է տեղւոյն բնակչութեան մօտ։
Հիմնադրամի հաղորդագրութեան համաձայն՝ նախորդ Ֆոնէթոններուն շնորհիւ մինչեւ օրս աջակցութիւն ստացած են 247 գիւղերու 42 հազար ընտանիքներ։ Բաշխուած են աւելի քան 23 միլիոն բանջարեղէնի սածիլներ, 725 հազար պտղատու ծառերու տնկիներ, հարիւրաւոր թոն բարձրորակ սերմեր եւ գիւղատնտեսական այլ միջոցներ։ Ըմպելի ջուր ապահովուած է 25 գիւղերու, իսկ Արցախէն տեղահանուած 96 ընտանիքներ բնակարան եւ գիւղատնտեսական աշխատանքի միջոցներ ստացած են։ Շարունակուած է նաեւ Ֆրանսայի եւ Լիբանանի հայկական վարժարաններուն աջակցութիւնը։
Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը շնորհակալութիւն կը յայտնէ նուիրատուներուն, չորս օր շարունակ աշխատած հարիւրաւոր կամաւորներուն եւ լրասփիւռներուն։
Թէեւ Ֆոնէթոնի չորսօրեայ արշաւը աւարտած է, դեռ կարելի է նուիրատւութիւն կատարել՝ չէքով կամ հիմնադրամի կայքին միջոցով, 66 առ հարիւր հարկային զեղչի կարելիութեամբ։

«Նոր Յառաջ»-ի կարճ զրոյցը Ֆոնէթոնի կնքահայր Քրիսթիան Մակարեանի հետ
Շաբաթ, Նոյեմբեր 21-ին, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը Free-ի փարիզեան հեռաձայնային կեդրոնին մէջ հանդիպում մը կազմակերպած էր՝ ներկայացնելու Ֆոնէթոնի այս տարուան կնքահայրն ու կամաւորները, խրախուսելու վերջիններուն աշխատանքը եւ հայ հանրութիւնը հրաւիրելու մասնակցելու դրամահաւաքին։
Հանդիպումին ընթացքին՝ Հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Թերզեան ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ այս տարուան ծրագրին։
Այս առիթով «Նոր Յառաջ» կարճ զրոյց մը ունեցաւ Քրիսթիան Մակարեանի հետ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.-

— Բարեւ ձեզ։ Այս տարի դուք Ֆոնէթոնի կնքահայրն էք։ Կը կարծեմ, որ հայ համայնքը երբեք այնքան չէ դիմած ձեզի, որքան այս տարի։
— Այո՛, չէք սխալիր, բայց լաւ նպատակի մը համար է, եւ ես ալ սիրով կ՚ընեմ, որովհետեւ խօսքը գործնական ծրագրերու միջոցով Հայաստանին օգնելու մասին է։
Ասոնք տեսութիւններ կամ վերացական գաղափարներ չեն, այլ՝ գործեր, որոնք մարդիկ երջանիկ կը դարձնեն։ Եւ ինծի համար հետաքրքրականը 2026-ի Ֆոնէթոնին մարդկային կողմն է։ Կ՚ուզեմ յատկապէս շեշտը ասոր վրայ դնել։
Մենք երեւակայական բանի մը, երկրի մը, պատմութեան կամ չես գիտեր ինչի մը չենք օգներ։ Մենք կ՚օգնենք մարդոց, որպէսզի կարենան ապրիլ եւ երջանիկ մնալ Հայաստան կոչուող այս հողին վրայ։ Կ՚օգնենք, որ Հայաստանը աւելի բարգաւաճ եւ ապահով դառնայ, եւ անոր բոլոր ընտանիքները աւելի երջանիկ ապրին։
Այս ձեւով է, որ մենք՝ Սփիւռքի մէջ, կրնանք Հայաստանին օգնել բնական ելք մը գտնելու։ Ասիկա բացառիկ բան մըն է, որ իր դրացիները, նոյնիսկ իր ամէնէն ոխերիմ թշնամիները, չունին։
Սփիւռքը Հայաստանի համար հարստութիւն մըն է, զոր ոչ ոք երբեք պիտի կարենայ իրմէ խլել։
— Ձեզ կը ճանչնանք իբրեւ լրագրող եւ խմբագիր։ Հիմա կը տեսնեմ, որ կնքահօր այս դերը շատ կը յարմարի ձեզի։ Գիտէք համոզիչ խօսքեր գտնել։
— Ուրախ եմ, որովհետեւ ասիկա կը համապատասխանէ իմ խոր համոզումներուս։ Ինծի համար հայութիւնը մարդասիրութիւն է, եւ հայութիւնը՝ կենսունակութիւն։
Կը կարծեմ, որ 2026-ի Ֆոնէթոնը լիովին կը համապատասխանէ այս երկու նպատակներուն՝ մարդասիրութեան եւ կենսունակութեան։
— Հիմա որ կնքահայրն էք, պիտի հետեւի՞ք նաեւ իրականացուող աշխատանքներուն։
— Այո՛։ Բարեկամիս՝ Պետրոս Թերզեանի շնորհիւ, պիտի հետեւիմ ծրագրերուն ընթացքին, յատկապէս ոռոգման վերաբերող բոլոր աշխատանքներուն։
Որովհետեւ ինծի համար ջուրը… ո՛չ միայն ինծի համար, այլ ամբողջ աշխարհին, բոլոր կենդանի տեսակներուն համար, ջուրը կեա՛նք է։
Եւ որպէսզի Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ամուր արմատներ նետեն այս հողին վրայ եւ զայն աւելի կենսունակ դարձնեն, անհրաժեշտ է, որ ջուր ունենան, աւելի լաւ ոռոգման համակարգ ունենան։
Ոռոգման համակարգը շատ թերի է։ Շեշտը դնելով այս ծրագրերուն վրայ, յատկապէս Սիւնիքի շրջանին մէջ, 2026-ի Ֆոնէթոնը անգամ մը եւս կը նպաստէ հայ ժողովուրդին աւելի ամուր արմատներ նետելուն իր սեփական հողին մէջ։
— Շա՛տ լաւ։ Շնորհակալութիւն այս պարզաբանումներուն համար։ ■

