ՕՄԱՆ – Իրան-ԱՄՆ բանակցութիւնները

Screenshot

Screenshot

Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւնները նախատեսուած էին Պոլսոյ մէջ։ Սակայն, Իրանի մերժումէն ետք անոնք տեղափոխուած են Օման։ Օմանի միջնորդութեամբ, կողմերը Ուրբաթ, Փետրուար 6-ին իրենց քննարկումները սկսած են մայրաքաղաք Մասքաթի մէջ։

Իրանը կը ներկայացնէ Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Ամերիկեան կողմէն բանակցութիւններուն կը մասնակցին ԱՄՆ նախագահի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Սթիւ Ուիթքոֆ եւ Տանըլտ Թրամփի փեսան՝ Ճարետ Քուշնըր։

Արաղչի IRNA-ի հետ զրոյցին հաղորդած է բանակցութիւններուն շրջանակը. “Այսօր մենք յստակօրէն յայտարարեցինք, թէ որեւէ երկխօսութեան նախապայմանը սպառնալիքներէ եւ ճնշումներէ զերծ մնալն է։ ԱՄՆ-ու հետ երկխօսութիւնը բացառապէս հիւլէական բնոյթ ունի”։ Անդրադառնալով տարածաշրջանային անվտանգութեան, նախարարը շեշտած է, որ ամերիկացիներուն հետ որեւէ այլ հարց չի քննարկուիր, բացի հիւլէականն թղթածրարէն։

Ամփոփելով Մասքաթի մէջ կայացած հանդիպումը՝ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը զայն որակած է «լաւ սկիզբ», սակայն նշած է, որ շարունակութիւնը կախեալ է Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք խորհրդակցութիւններէն։

“Գործնական համաձայնութիւն գոյացաւ բանակցութիւնները շարունակելու վերաբերեալ, սակայն ժամանակը, ընթացակարգն ու թուականը մենք պիտի որոշենք յաջորդ խորհրդակցութիւններուն՝ Օմանի Արտաքին գործոց նախարարին միջոցաւ։ Կը կարծեմ՝ մթնոլորտը լաւ էր”,– եզրափակած է Արաղչի։