ՓԱՐԻԶ – «Առողջապահութիւնը Հայաստանի մէջ. բարեփոխման պահը» խորագրով համաժողով

PHOTO-2026-02-03-10-10-51 23 copie

Երկու­շաբթի, Փետ­րուար 2-ի երե­կոյեան, Փա­րիզի 17-րդ թա­ղամա­սի քա­ղաքա­պետա­րանին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Առող­ջա­պահու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի մէջ. բա­րեփոխ­ման պա­հը» խո­րագ­րով հա­մաժո­ղովը։ Նա­խաձեռ­նութիւ­նը կեան­քի կո­չուած էր Ֆրան­սա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան եւ «Santé Arménie» միու­թեան հա­մագոր­ծակցու­թեամբ (վեր­ջինս հիմ­նադրուած է ՀԲԸՄ Ֆրան­սա­յի աջակ­ցութեամբ)։

Հա­մաժո­ղովին իրենց խօս­քը ուղղե­ցին ՀՀ Առող­ջա­պահու­թեան նա­խարար Անա­հիտ Ավա­նէսեան (առ­ցանց կա­պով) եւ Ֆրան­սա­յի մէջ ՀՀ դես­պան Ար­ման Խա­չատ­րեան։ 

Նա­խարար Ավա­նէսեան ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յացուց 2025 Դեկ­տեմբե­րին ըն­դունուած առող­ջութեան հա­մընդհա­նուր ապա­հովագ­րութեան մա­սին օրէնքն ու Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­դէն իսկ գոր­ծադրու­թեան դրուած ապա­հովագ­րութեան հա­մակար­գը՝ անդրա­դառ­նա­լով առող­ջա­պահա­կան ոլոր­տի բա­րեփո­խումնե­րու ըն­թացքին։

Իր կար­գին, դես­պան Խա­չատ­րեան շեշ­տեց Հա­յաս­տան-Ֆրան­սա բազ­մո­լորտ եւ աշ­խուժօ­րէն զար­գա­ցող յա­րաբե­րու­թիւննե­րու կա­րեւո­րու­թիւնը։ Ան ընդգծեց, որ Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան առաջ­նա­հեր­թութիւննե­րէն է երկրի դի­մադ­րո­ղակա­նու­թեան բարձրա­ցու­մը, որուն ան­բա­ժան մասն ու կա­րեւոր բա­ղադ­րիչներն են թէ՛ անվտան­գութիւ­նը, տնտե­սու­թիւնն ու կրթու­թիւնը, թէ՛ ալ առող­ջա­պահա­կան կա­րողու­թիւննե­րը։ Այս նպա­տակով ալ պե­տու­թիւնը ձեռ­նարկած է շարք մը կա­րեւոր բա­րեփո­խումնե­րու։

Կլոր սե­ղան­նե­րու ձե­ւաչա­փով ելոյթներ ու­նե­ցան ոլոր­տի առա­ջատար մաս­նա­գէտ­ներ եւ պաշ­տօ­նատար ան­ձեր, որոնց կար­գին՝ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան առող­ջա­պահու­թեան հար­ցե­րու հա­մակար­գող Ժորժ-Ֆապ­րիս Պլում, «Santé Arménie»-ի նա­խագահ Ար­սէն Մե­քինեան, ՀԲԸՄ Ֆրան­սա­յի նա­խագահ Նա­տիա Գոր­ծունեան, ինչպէս նաեւ Զար­գացման ֆրան­սա­կան գոր­ծա­կալու­թեան (AFD) ներ­կա­յացու­ցիչներ։

Զե­կու­ցողնե­րու շար­քին էին նաեւ Վա­հէ Մուռնէ, Ֆրան­սուա Տէ­վէճեան, Անա­հիտ Տա­սէօ Տէր Մես­րո­պեան, Թի­ֆէն Պուասօ, Գա­յիանէ Խա­չատու­րեան-Յով­հաննի­սեան, Արա Շահ­նա­զարեան, Տա­թեւիկ Բա­զինեան, Կա­րինէ Շահ­բա­զեան եւ Նոէլ Կա­րապե­տեան։

Մաս­նա­կից­նե­րը ներ­կա­յացու­ցին «Santé Arménie»-ի կող­մէ տա­րինե­րէ ի վեր Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ թէ՛ Երե­ւանի, թէ՛ ալ շարք մը հա­մայնքնե­րու մէջ իրա­կանա­ցուող առող­ջա­պահա­կան ծրագ­րերն ու ըն­թա­ցիկ նա­խագի­ծերը։ Հա­մաժո­ղովը եզ­րա­փակուեցաւ հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բա­ժինով մը, որ առիթ տուաւ ծա­ւալե­լու բո­վան­դա­կալից քննար­կումներ։

Թ. Շ. ■