Էփշթայնի գայթակղութիւնը կը հասնի Թուրքիա

Էփշթայն

«Շահագործում եւ մարմնավաճառութիւն. հայեացքները ուղղուած են դէպի Թուրքիա»

Ամերիկեան արդարադատութեան կողմէ վերջերս հրապարակուած Ճեֆրի Էփշթայնի գործով գաղտնազերծուած նոր փաստաթուղթերը լուրջ իրարանցում յառաջացուցած են ամբողջ աշխարհի, բայց նաեւ Թուրքիոյ մէջ։ Ի յայտ եկած են տուեալներ, որոնք կը մատնանշեն Թուրքիայէն անչափահաս աղջիկներու առեւանգման եւ սեռային շահագործման դէպքեր։ Աւելին, գործին շրջանակէն ներս կը շրջին Թուրքիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան, ներառեալ՝ նախագահ Էրտողանի անունները, ինչ որ Անգարայի մէջ քաղաքական նոր փոթորիկի պատճառ դարձած է։

«Էփշթայնի թղթածրարներ»-ը կը բացայայտեն անչափահաս աղջիկներու Թուրքիայէն առեւանգումը 

Էրտողանի եւ Տաւութօղլուի անունները՝ նամակագրութեանց մէջ

«Էփշթայնի թղթածրարներ»-ու վերջին բացայայտումները քաղաքական լուրջ հետեւանքներ ունեցած են Թուրքիոյ մէջ։ Հրապարակուած նամակագրութիւններուն մէջ ի յայտ եկած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ նախկին Արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի անունները։ Այս առնչութեամբ, Տաւութօղլուի «Ապագայ» կուսակցութիւնը պնդած է, թէ սա կապուած է ԱՄՆ-ու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուող հայկական քարոզչութեան դէմ պայքարի ջանքերուն հետ։

Ըստ «Տոյչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութեան (DW Turkish), սեռային յանցագործութիւններու եւ մարդկային թրաֆիքինկի համար դատապարտուած Ճեֆրի Էփշթայն Թուրքիայէն անչափահաս աղջիկներ տեղափոխած է իր մասնաւոր կղզին։ Այս պնդումը տեղ գտած է ամերիկեան դատական փաստաթուղթերուն մէջ։ Թուրք դատախազները ներկայիս կ՚ուսումնասիրեն ԱՄՆ-ու Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ նոր հրապարակուած շուրջ 3 միլիոն փաստաթուղթերը։

Մեղադրանքները ուժեղացուցած են քաղաքական ճնշումը Անգարայի վրայ՝ պահանջելով աւելի լայն հետաքննութիւն կատարել այն կասկածներուն շուրջ, թէ թուրք երեխաներ թրաֆիքինկի ենթարկուած են դէպի «Էփշթայնի կղզի»։ Թուրք դատախազները յայտնած են, որ նոր փաստաթուղթերու ուսումնասիրութիւնը մաս կը կազմէ այդ հետաքննութեան, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ թուրք անչափահասներու վերաբերող դրուագներ։

Էփշթայն երկար տարիներ ղեկավարած է բռնութեան եւ թրաֆիքինկի ընդարձակ ցանց մը, որուն զոհ գացած են բազմաթիւ երիտասարդ կիներ եւ երեխաներ։ Սեռային յանցագործութիւններու համար դատապարտուած 66-ամեայ գործարարը 2019-ին «մահացած գտնուեցաւ» (աւելի ճիշդը՝ այդպէս յայտարարուեցաւ) իր բանտախցիկին մէջ, աւելի խորհրդաւոր պայմաններու տակ. իշխանութիւնները մահուան պատճառը որակեցին անձնասպանութիւն։

Գործը կը շարունակէ համաշխարհային ուշադրութեան կեդրոնը մնալ՝ Էփշթայնի սերտ կապերուն պատճառով քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ արհեստագիտական ոլորտներու հարուստ եւ ազդեցիկ դէմքերու հետ՝ Թրամփէն, Գլինթընէն, Ալ Կոռէն  մինչեւ Իլըն Մասք, Պիլ Կեյթս, Իշխան Էնտրու,Գամըրոն Տիազ, Լէոնարտօ Տի Գափրիօ, Պրիւս Ուիլիս եւ շա՜տ-շա՜տ ուրիշներ։ Այս կապերը տրամաբանականօրէն ենթադրել կու տան, թէ գայթակղութեան իրական ծաւալները շատ աւելի մեծ են։ Հոս անմիջապէս պէտք է նշել, որ թղթածրարին մէջ այս կամ այն անունին յիշատակումը չի նշանակեր, որ յիշեալ ենթական անպայման չարագոյն արարքներու մեղսակից եղած է.: Հարցը Էփշթայնի նման հրէշի մը շրջանակին մաս կազմած ըլլալն է, գլխաւորաբար։ 

Ֆրանսայի մէջ, Էփշթայնի թղթածրարին՝ օրակարգը գրաւելէն ետք ամէնէն շատ յիշուող անունը եղաւ Մշակոյթի նախկին նախարար Ճեք Լանկինը, որ անթիւ անգամներ կը յիշատակուի նշեալ թղթածրարին մէջ։ Ան կ՚ուրանայ կամ կը հերքէ կասկածները, պնդելով թէ երբ ինք կը յարաբերէր Էփշթայնի հետ, բոլորովին կ՚անգիտանար անոր անձին հրէշային երեսակը։ Ի միջի այլոց նշենք, որ այս վերջին փոթորիկէն ետք, Լանկ հրաժարած է Փարիզի «Արաբական աշխարհի հիմնարկ»-ի նախագահի պաշտօնէն։ 

***

Միւս կողմէ, նշենք որ այս հարցին միջազգային օրակարգը ողողելուն առընթեր՝ ընկերային ցանցերու վրայ սկսած են յայտնուիլ տեսանիւթեր կամ նկարներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ Էփշթայն իրականութեան մէջ ողջ-առողջ է, Իսրայէլի մէջ կը շարունակէ վարել մեծահարուստի իր փառաւոր կեանքը։ Նկատի ունենալով մերօրեայ արհեստագիտական կարելիութիւնները՝ ատոնք կրնան ըլլալ կեղծուած տեսանիւթեր կամ նկարներ, ինչպէս որ կրնան ըլլալ նաեւ ճշմարտութիւնը ցոլացնող։ Քանզի իրեն նման մեծահարուստի մը համար անկարելի բան չկայ մերօրեայ աշխարհին, նոր աշխարհակարգին մէջ։