Եւրոպայէն 90 միլիառ եւրօ վարկ Ուքրաինային

Եւրոպական խորհրդարան

Եւրոպական խորհրդարանը Փետրուար 11-ին հաստատեց Ուքրաինային յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին 90 միլիառ եւրօ վարկի տրամադրումը։ Որոշման թեր քուէարկած է 458, դէմ՝ 140 երեսփոխան, ձեռնպահ մնացած են 44-ը։

“Այսօրուան կարեւոր քուէարկութիւնը, որով հաստատուեցաւ 90 միլիառ եւրոյի վարկը, Ուքրաինայի կենսական աջակցութիւն կը տրամադրէ”,– ընկերային ցանցերու վրայ գրած է Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլան։

“Ուքրաինային աջակցութիւնը հիմնուած է փոքր թիւով երկիրներու վրայ, եւ մեծ մասը՝ Եւրոպայէն”,– քուէարկութենէն առաջ յայտարարած է կեդրոնամէտ երեսփոխան Նաթալի Լուազօն։ “Մեզի համար պատիւ է, եւ սա մեր շահերէն կը բխի, քանի որ մեր ապահովութիւնն է վտանգուած”,– աւելցուցած է ան։

30 միլիառ եւրոն Քիեւ պիտի ստանայ որպէս մաքրօ-ֆինանսական օգնութիւն կամ պետական պիւտճէի աջակցութիւն, իսկ 60 միլիառը պիտի յատկացուի երկրի պաշտպանական կարողութիւնները հզօրացնելու, ռազմական սարքաւորումներ գնելու համար, որպէսզի դիմակայէ ռուսական յարձակողապաշտութեան։

Զէնք գնելու ատեն Ուքրաինան պէտք է նախապատւութիւնը տայ տեղական արտադրողներուն, ԵՄ-ին, Եւրոպական տնտեսական գօտիին եւ Եւրոպական ազատ առեւտուրի ընկերակցութեան մատակարարներուն, բացատրած է Եւրոպական խորհրդարանը։

Եւրոպական Միութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ Ուքրաինան վարկը պէտք է վերադարձնէ միայն այն պարագային, երբ Ռուսաստանը փոխհատուցում վճարէ պատերազմի հետեւանքով Ուքրաինային պատճառած վնասին համար։