Հակառակ սահմանադրական արգելքին՝ «Ուժեղ Հայաստան»-ի վարչապետի թեկնածուն Սամուէլ Կարապետեանն է

Ս.Կ.-1

«Ուժեղ Հայաստան»-ի վարչապետի թեկնածուն տնային կալանքի տակ գտնուող գործարար Սամուէլ Կարապետեանն է։ Այս մասին Փետրուար 12-ին կուսակցութեան համագումարին յայտարարած է անոր եղբօրորդին՝ Նարեկ Կարապետեանը։ 60-ամեայ գործարարը, սակայն, երկքաղաքացի է, եւ ըստ հայաստանեան օրէնսդրութեան՝ չի կրնար ո՛չ վարչապետի պաշտօնին, ո՛չ ալ երեսփոխանութեան թեկնածու ըլլալ։

Այս համագումարին, իշխանութեան յաւակնող կուսակցութեան անդամները ի վերջոյ չեն ալ պարզաբանած, թէ նկատի ունենալով օրէնսդրական յստակ արգելքները՝ ո՞վ պիտի գլխաւորէ «Ուժեղ Հայաստան»-ի նախընտրական ցանկը։

«Սահմանադրութիւնը ունի 148-րդ յօդուած, Ազգային ժողովի քուէարկութեամբ պիտի փոխուի այդ դրոյթը»,– յայտարարած է Նարեկ Կարապետեան։

Սահմանադրութեան 148-րդ յօդուածը կը սահմանէ, թէ կառավարութեան անդամը պէտք է լրացնէ երեսփոխանին ներկայացուող պահանջները։ Իսկ երեսփոխան կրնայ ընտրուիլ 25 տարին բոլորած, վերջին չորս տարուան ընթացքին միայն Հայաստանի քաղաքացի հանդիսացող, վերջին չորս տարին Հայաստանի մէջ մշտապէս բնակող, ընտրական իրաւունք ունեցող եւ հայերէնին տիրապետող իւրաքանչիւր ոք։

Սա փաստացի կը նշանակէ, որ Սամուէլ Կարապետեանը չի կրնար ըլլալ նաեւ «Ուժեղ Հայաստան»-ի նախընտրական ցանկին մէջ։

Կուսակցութեան համագումարին հեռարձակուած տեսաուղերձին մէջ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան ըսած է, թէ Սահմանադրութեան 148-րդ յօդուածը անփոփոխելի չէ եւ հանրաքուէ չի պահանջուիր։ Սահակեանէն բացի նաեւ այլ իրաւաբաններ ու սահմանադրագէտներ, ներառեալ՝ արդարադատութեան նախկին նախարար Գէորգ Դանիէլեանը եւ Սահմանադրական դատարանի նախկին անդամ Ալվինա Գիւլումեանը եւս պնդած են, որ այդ յօդուածի փոփոխութեան համար հանրաքուէ պէտք չէ։

Իսկ գործարարին եղբօրորդին յայտարարած է, թէ «ընտրութիւններէն 20 օր ետք հանդէս պիտի գան օրէնսդրական փոփոխութեամբ, եւ ատով կարելիութիւն պիտի տան Սամուէլ Կարապետեանին՝ դառնալու վարչապետ»։

«Մեզի մեծամասնութիւն պէտք է Ազգային ժողովին մէջ»,– ըսած է Նարեկ Կարապետեան՝ պնդելով, որ պիտի յաղթեն՝ Սամուէլ Կարապետեանի հետ միասին։

Իշխանութեան իւրացման կոչի մեղադրանքով տնային կալանքի տակ գտնուող գործարարին՝ դատարանը արգիլած է հանրային յայտարարութիւններ կատարել, ու թերեւս այդ պատճառով ան հաւաքի մասնակիցներուն «դիմած է» արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած տեսաուղերձով. “115 օրէն բոլորը պիտի տեսնեն, որ «Ուժեղ Հայաստան»-ը միայն կուսակցութիւն չէ։ Անպայման պիտի յաջողինք՝ մեր ձեւով”։

Իսկ համագումարին սկիզբը Կարապետեանի եղբօրորդին ըսած է. «8 տարի պաշտօնավարած վարչապետին սիրտը պաշտօնավարման 3-րդ շրջան մը կ՚ուզէ. ան տկարացուց բանակը, Արցախը կործանեց, 10 հազար տոլար վարկ ստացաւ իւրաքանչիւր ընտանիքի համար, բացաւ Սիւնիքի դարպասները։ Այս իշխանութիւնը անօթի է, չի կշտանար, այդ պատճառով ալ չ՚ուզեր հեռանալ»։

«Ուժեղ Հայաստան»-ի շնորհահանդէսին մասնակցած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախկին նախագահ Վարդան Յարութիւնեանը, որ քրէական գործով մեղադրեալ է եւ վերջերս ազատ արձակուած է կալանքէն։ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախկին նախարար Սուրէն Կարայեանը եւս մասնակցած է շնորհահանդէսին, անոր կողքին։