«Յունիս 8-էն ետք վստահաբար պիտի չըլլայ ղեկավար մը, որուն պատճառով ազգովին պիտի ամչնանք». Քոչարեանի գրասենեակին արձագանգը Փաշինեանին
«Յունիս 8-էն ետք վստահաբար պիտի չըլլայ ղեկավար մը, որուն պատճառով ազգովին պիտի ամչնանք»,— «Ազատութեան» ըսած է երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Բագրատ Միքոյեան՝ արձագանգելով նախկին նախագահներուն առնչուող Փաշինեանի Փետրուար 13-ի յայտարարութեան։
Վարչապետ Փաշինեան Փետրուար 13-ի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պնդած էր, թէ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք «այլեւս պիտի չտեսնէք քաղաքականութեամբ զբաղող նախկին նախագահ»։ Ան նաեւ վստահութիւն յայտնած էր, թէ նախկին բոլոր իշխանութիւնները վերջնականապէս եւ անվերադարձ դուրս պիտի շպրտուին քաղաքականութենէն։