Իրաւապահները խուզարկած են «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Չարչեանի աշխատասենեակը
Screenshot
Իրաւապահները Փետրուար 13-ին խուզարկած են «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Չարչեանի աշխատասենեակը։ Այս մասին գրած է անոր փաստաբան Էրիք Ալեքսանեան։
Բժշկական կեդրոնի մամլոյ բանբեր Աննա Տեմիրճեան հաստատած է, որ առաւօտէն իրաւապահները տնօրէնին աշխատասենեակն էին։ Քննչական կոմիտէի բանբերը «Ազատութեան» հաղորդած է, որ քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին կը կատարուին քննչական գործողութիւններ. թէ ի՛նչ գործի մասին է խօսքը՝ տակաւին յայտնի չէր։ «Ազատութեան» համաձայն՝ ան կրնայ կապ ունենալ հարկերէ խուսափելու հետ։
Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան նախկին երեսփոխան Արմէն Չարչեան 2024-ին դատապարտուած էր 3 տարի, 7 ամիս եւ 13 օրուան պայմանական (յետաձգումով — en sursis) ազատազրկման։ Ծանօթ բժիշկը կը մեղադրուէր բժշկական կեդրոնի աշխատակիցներուն՝ 2021 Յունիս 20-ի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու պարտադրելուն համար. ան մեղադրանքը չէր ընդունած։