Արմէն Գրիգորեանն ու Վահան Կոստանեանը հանդիպած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ

ՀՀ-Ազերպայճան քաղհասարակութիւններ

Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Փետրուար 14-ին հանդիպած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ։

ԱԽ գրասենեակի հաղորդմամբ՝ Արմէն Գրիգորեան զրուցակիցներուն ներկայացուցած է խաղաղութեան գործընթացի ընթացքը, անդրադարձած է տարածաշրջանային ուղիներու ապաշրջափակման շնորհիւ ստեղծուելիք տնտեսական կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու զարգացման ներկայ ընթացքին։

Հանդիպման երկրորդ բաժնին մէջ, ԱԽ քարտուղարը պատասխանած է քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հարցումներուն։

Նախապէս, «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս, անոնց հետ հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան։

Քննարկումներու մասնակիցները անդրադարձած են 2025 Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընեան վեհաժողովին հաստատուած խաղաղութեան օրակարգէն բխող գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ՝ փոխըմբռնման եւ վստահութեան ամրապնդման մէջ քաղաքացիական հասարակութեան դերին։

Ազերպայճանի փորձագիտական դաշտի եւ իշխանամէտ լրասփիւռներու ներկայացուցիչները Հայաստան ժամանած են Փետրուար 13-ին, ցամաքային ճամբով։

Անցեալ Նոյեմբեր 21-22 Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները Պաքու կը գտնուէին։ Կողմերը որոշած էին նախաձեռնութիւնը անուանել «Խաղաղութեան կամուրջ»։ Առաջին անգամ, անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, ազերպայճանական պատուիրակութիւնը եկած էր Երեւան։