Հանգիստ՝ Տաթեւ արք. Սարգիսեանի

Տաթեւ

Փետրուար 20-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան՝  Հայաստանի մէջ 85 տարեկանին վախճանած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիցագոյն միաբաններէն Տաթեւ արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը։

Ծնած է 1941-ին, Հալէպ։  1995-ին տեղափոխուած է Հայաստան, վարչական եւ մանկավարժական պաշտօններ ստանձնելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:

Վախճանեալ սրբազանին թարմ յիշատակին յարգանքի խոնարհ տուրք կը մատուցէ Լեւոն Շառոյեան, հետեւեալ տողերով. 

ՅԻՇԵԼՈՎ ՏԱԹԵՒ ՍՐԲԱԶԱՆԸ…

Իր վախճանման լուրը գուժեցին Ս. Էջմիածնէն, այսօր, քանի որ Տաթեւ սրբազան շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր վերջնապէս կայք հաստատած էր ի Մայր Աթոռ, առանց որ հրաժարած ըլլար Կիլիկեան միաբանութենէն, որուն ծառայած էր իր երիտասարդական տարիներուն։ Իբրեւ թեմակալ առաջնորդ` պաշտօնավարած էր Հալէպ ու Լոս Անճըլըս։ Եղած էր նաեւ Դպրեվանքի տեսուչ։

Տաթեւ սրբազան, որ հօրեղբօրորդին էր երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, Բերիոյ թեմի գաւազանագրքին մէջ իր անունը արձանագրեց 9 տարուան շրջանի մը վրայ, 1968-1977, յաջորդելով Ղեւոնդ արք. Չէպէեանին ու կանխելով Սուրէն արք. Գաթարոյեանը։

Հալէպի երէց ու միջին սերունդը առ այսօր կը յիշէ զինք։ Մեղմ ու հանդարտաբարոյ նկարագիր մը ունէր, դէմքին` թեթեւ ժպիտ մը։

Կը յիշեմ իր եպիսկոպոսական փառաւոր պատարագները Հալէպի Քառասուն Մանկանց տաճարին մէջ, Ս. Ծննդեան կամ Յարութեան տօներուն առիթով։ Կը յիշեմ իր տպաւորիչ քարոզները։ Կը յիշեմ իր Ոտնլուաները`մինչեւ եկեղեցւոյ բեմին եզերքը խռնուած անանցանելի բազմութիւններու ներկայութեան, մինչ վերնատունէն` տիկ. Ժիւլիէթ Հարպոյեան կը թնդացնէր տաճարին որմերը` իր հոգեցունց «Սուրբ, սուրբ»-երով…։

Յիշատակը` անթառամ։ Խունկ եւ աղօթք։

     Լ. Շ.