Բանակցութիւններ «Turkish Airlines»-ի հետ՝ Երեւանէն Լոս Անճըլըս ուղղակի թռիչքներու հաստատման շուրջ

Թրքիշ

“«Թրքիշ Էռ­լայնզ» թրքա­կան օդա­յին ըն­կե­րու­թիւնը, ըլ­լա­լով աշ­խարհի մե­ծագոյննե­րէն մէ­կը, մեծ նե­րուժ ու­նի Երե­ւանէն Լոս Ան­ճը­լըս ուղղա­կի թռիչքներ ապա­հովե­լու”։ Այս կար­ծի­քը ար­տա­յայ­տած է Հա­յաս­տա­նի Զբօ­սաշրջու­թեան կո­միտէի նա­խագահ Լու­սի­նէ Գէոր­գեան, որ աւել­ցուցած է, թէ ներ­կա­յիս բա­նակ­ցութիւններ կ՚ըն­թա­նան այս եր­կու քա­ղաք­նե­րուն մի­ջեւ ուղղա­կի թռիչքներ սկսե­լու շուրջ եւ հար­ցը կը գտնուի կո­միտէի ու­շադրու­թեան կեդ­րո­նին:

“Ինծի միշտ կը հարցնեն Երեւանէն Լոս Անճըլըս ուղղակի թռիչքի մասին. Անոնք (Թուրքերը — «ՆՅ») կ՚ապահովեն նման թռիչք եւ ունին այդ ներուժը։ Տակաւին չեմ կրնար ըսել, թէ անոնք ինչպէ՞ս պիտի արձագանգեն, բայց «Թրքիշ Էռլայնզ»-ը աշխարհի երրորդ ամէնէն հզօր օդային ընկերութիւնն է եւ կրնայ առիթ ստեղծել Երեւանէն դէպի Լոս Անճըլըս ուղղակի թռիչքի համար։ Սա մեր այն նոր ուղղութիւններէն մէկն է, որու շուրջ կը բանակցինք. չեմ կրնար ըսել, թէ ե՞րբ պիտի իրականանայ, բայց ան կը գտնուի մեր ուշադրութեան կեդրոնին”,– յայտնած է Լուսինէ Գէորգեան։

Դէպի Երեւան թռիչքներ

«Թրքիշ Էռլայնզ»-ը Մարտէն սկսեալ ուղղակի թռիչքներ պիտի կատարէ դէպի Երեւան։ Թռիչքներու ժամանակացոյցը պիտի ընթանայ հետեւեալ կերպով.

  • Մարտ 11-էն սկսեալ՝ շաբաթական 7 թռիչք:
  • Մայիս 14-էն սկսեալ՝ Պոլիս-Երեւան թռիչքներուն յաճախականութիւնը պիտի հասնի շաբաթական 10-ի:
  • Յունիս 15-էն սկսեալ՝ թռիչքներուն թիւը պիտի հասնի շաբաթական 14-ի։

Նշենք նաեւ, որ թրքական օդային ընկերութիւնը ընկերային ցանցերու հայախօս օգտատէրերուն ուղղուած ծանուցողական արշաւներ սկսած է՝ այս տարի Երեւանէն նախատեսուող վերոնշեալ նոր թռիչքներուն համար։