Վարչապետ Փաշինեանի պաշտօնական այցելութիւնը Լեհաստան

Screenshot

Screenshot

Հանդիպում՝ Վարշաւայի մէջ Լեհաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ 

Պաշտօնական այցելութեամբ Փետրուար 25-ին Լեհաստան մեկնած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նոյն օրը Վարշաւայի մէջ հանդիպում ունեցած է Լեհաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Հանդիպումին՝ վարչապետը անդրադարձած է Լեհաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան նպատակներուն եւ ակնկալիքներուն՝ ընդգծելով Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման եւ համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւնները՝ խօսելով խաղաղութեան օրակարգի խթանման, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն մասին։

Վարչապետը խօսած է նաեւ «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութեան մասին՝ ներկայացնելով անոր հիմնական սկզբունքները։

Հանդիպման աւարտին Փաշինեան պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան գործընթացին, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, Հայաստան-Լեհաստան համագործակցութեան հեռանկարներուն եւ այլ այժմէական նիւթերու։

Հանդիպում՝ Լեհաստանի վարչապետին ու նախագահին հետ

Վարչապետ Փաշինեան Փետրուար 26-ին, Լեհաստան պաշտօնական այցելութեան երկրորդ օրը, նախ հանդիպում ունեցած է իր լեհ պաշտօնակից Տոնալտ Թուսքի հետ։ Դիմաւորման պաշտօնական արարողութեան յաջորդած է երկու երկիրներու ղեկավարներուն գլուխ-գլխի զրոյցը։

Թուսք ողջունած է Հայաստանի վարչապետին պաշտօնական այցելութիւնը՝ համոզում յայտնելով, որ ան նոր մղում պիտի հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման՝ բոլոր ուղղութիւններով։ Լեհաստանի վարչապետը շեշտը դրած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան ընդլայնման վրայ՝ յատկապէս տնտեսութեան, ենթակառոյցներու, անվտանգութեան, կրթութեան, գիտութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ։ Տոնալտ Թուսք նաեւ ընդգծած է, որ Լեհաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է  Հայաստանի հետ գործակցութեան ամրապնդման եւ խորացման հարցով, ներառեալ՝ իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւն։

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար՝ ընդգծելով Լեհաստանի հետ բազմակողմանի համագործակցութեան շարունակական զարգացման կարեւորութիւնը։ Ան բարձր գնահատած է Հայաստանի մէջ հաստատութենական բարեփոխումներու իրագործման մէջ Լեհաստանի ցուցաբերած աջակցութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ ան պիտի ըլլայ շարունակական։ Առեւտրատնտեսական կապերու խորացման ծիրէն ներս Փաշինեան կարեւոր համարած է տնտեսական համագործակցութեան խթանումը։ Վարչապետը նաեւ ընդգծած է Լեհաստանի դերակատարութիւնը Հայաստան–ԵՄ համագործակցութեան խորացման շարժընթացին մէջ։

Զրուցակիցները քննարկած են միացեալ ծրագրերու իրականացման վերաբերող շարք մը հարցեր։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին, TRIPP նախաձեռնութեան իրագործման ընթացքին, ինչպէս նաեւ Հայաստան–ԵՄ գործակցութեան հետագայ զարգացման վերաբերող հարցերու։

Նոյն օրը Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Լեհաստանի նախագահ Քարոլ Նաւրոցքիի հետ: Վերջինս ողջունած է վարչապետին այցելութիւնը եւ կարեւոր գնահատած է այդ օր Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ ռազմաթեքնիքական ոլորտէն ներս համաձայնագրի ստորագրումը: Քարոլ Նաւրոցքի համոզում յայտնած է, որ երկու երկիրները պիտի շարունակեն զարգացնել եւ ամրապնդել համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Փաշինեան ընդգծած է Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ աշխուժ գործակցութեան կարեւորութիւնը: Վարչապետը շեշտը դրած է ՀՀ-ԵՄ կապերու խորացման, Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման ու խթանման մէջ Լեհաստանի դերին վրայ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային այլ հարցերու շուրջ: