Ֆրանսան կը հաստատէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ իր ռազմակայանին թիրախաւորումը
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պառօ, Իրանի մէջ ստեղծուած կացութեան նուիրուած ճգնաժամային հանդիպումէն ետք, պաշտօնապէս հաստատած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ֆրանսական ռազմակայանի թիրախաւորման լուրերը: Ըստ«Reuters» լրատու գործակալութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ Ապու Տապիի նաւահանգիստին դէմ անօդաչու սարքերով գործուած յարձակման ընթացքին հարուածի ենթարկուած է ֆրանսական ռազմածովային ուժերուն պատկանող կայաններէն մէկը: Նախարարը, սակայն, յստակացուցած է, որ ռազմակայանը միայն թեթեւ նիւթական վնասներ կրած է:
Անդրադառնալով ստեղծուած լարումին մարդկային ու դիւանագիտական հետեւանքներուն՝ Պառօ յայտնած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի աւելի քան տասը երկիրներու մէջ բռնկած այս հակամարտութիւնը իր անմիջական ազդեցութիւնը կ՚ունենայ տարածաշրջանին մէջ ապրող կամ այնտեղ գտնուող գրեթէ 400 հազար ֆրանսացի քաղաքացիներու վրայ: Բարեբախտաբար, ցարդ Ֆրանսայի քաղաքացիներուն շարքին տուժածներ չեն արձանագրուած: Խօսելով միջազգային արձագանգի մասին՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը մտահոգութիւն յայտնած է Իրանի դէմ կատարուած քայլերուն նկատմամբ՝ շեշտելով, որ նման «միակողմանի» յարձակումները անպայմանօրէն պէտք էր նախապէս քննարկուէին ճիշդ այդ նպատակով ստեղծուած հաւաքական մարմիններու, մասնաւորապէս՝ ՄԱԿ-ի մէջ:
