Կառավարութիւնը կը պատրաստուի պետականացնելու ՀԵՑ-ի բաժնեթուղթերուն ամբողջութիւնը

ՀԵՑ-Ռոմանոս Պետրոսեան

«Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր»-ու (ՀԵՑ) առժամեայ կառավարիչ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան անդամ Ռոմանոս Պետրոսեանը Factor TV-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, թէ պետութիւնը կը պատրաստուի սեփականատէր «Տաշիր Կապիտալ»-ին վճարելով հատուցում, ամբողջութեամբ պետականացնելու «ՀԵՑ» ընկերութեան բաժնեմասը՝ զայն նկատելով հանրային գերակայ շահ։

Ան մանրամասնած է, թէ Փետրուար 21-ը վերջին պայմանաժամն էր, որ կառավարութիւնը պէտք է առաջարկ ներկայացնէր, բանակցէր եւ գործարքէն ետք ընկերութեան բաժնեթուղթերուն 100 տոկոսը անցնէր պետութեան։

“Ես գիտեմ, որ օրէնքով սահմանուած կարգով եւ պայմանաժամերու պահպանումով, Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու (ՏԿԵ) նախարարութիւնը, յա՛տկապէս՝ յանձին կառավարութեան, պաշտօնապէս այդ առաջարկը ներկայացուցած է սեփականատէրերուն, սակայն գործարքը չէ կայացած։ Սա կը նշանակէ, որ Փետրուար 21-էն ետք, Սահմանադրութեան 60-րդ յօդուածին համաձայն, կառավարութիւնը որպէս հանրային գերակայ շահ պէտք է տիրանայ տուեալ ընկերութեան բաժնեթուղթերուն 100 տոկոսին եւ հատուցման վճարումէն ետք, զայն ամբողջութեամբ պետականացնէ։ Գործընթացը թեւակոխած է այս փուլը”,– նշած է Պետրոսեան։

ՀԵՑ-ի արժէքին եւ կառավարութեան առաջարկած գինին վերաբերեալ Պետրոսեան մերժած է որեւէ թիւ տալ։ Ան նաեւ հերքած է այն տեսակէտը, թէ ՀԵՑ-ի շուրջ զարգացումները քաղաքական հալածանք են՝ ուղղուած Սամուէլ Կարապետեանի դէմ։

Ռոմանոս Պետրոսեան յայտնած է, թէ իրենք Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովին ներկայացուցած են սակագիները նուազեցնելու առաջարկ։ Ասոր իրագործումը, սակայն, ըստ Պետրոսեանի, ներկայիս կարելի չէ հիւլէակայանի յառաջիկայ ծրագրուած դադարին պատճառով, որուն ընթացքին Հայաստան ստիպուած պիտի ըլլայ աւելի սուղ ելեկտրականութիւն գնելու։

“Եթէ հիւլէակայանի ծրագրուած դադարին եւ վերազինման տասնամեայ շրջափուլին այս տարուան զուգադիպութիւնը չըլլար, կը վստահեցնեմ, որ մեր քաղաքացիներուն համար սակագինն ալ պիտի նուազէր”,– հաստատած է ան։

Պետրոսեան յայտնած է նաեւ, որ կը նախատեսուի էապէս նուազեցնել այլ վճարումներ։ “Մենք կը ծրագրենք 30-էն 40% նուազեցնել ներկայի սակագինին մէջ ահաւոր բաժին կազմող՝ նոր բաժանորդ դառնալու եւ բաշխման ցանցին միանալու վճարումները։ Իսկ սովորաբար մատակարարուողէն աւելի մեծ հզօրութեամբ հոսանքի պահանջք ունեցողներէն՝ այդ փոփոխութեան համար գանձուող յաւելեալ վճարումները պիտի նուազեցնենք 50 տոկոսով”,– եզրափակած է ան։